Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Արձանագրեց Երկու Յաղթանակ
Շաբաթասկիզբին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 10 եւ ոչ թէ 12 ակումբներու` նկատի ունենալով, որ Անուար Ժըտէյտէ եւ Պլու Սթարզ քաշուեցան ախոյեանութենէն:
Շատ հաւանաբար խումբերը իրարու դէմ մրցին ախոյեանութեան գծով կիրարկուած ձեւով, այսինքն` միայն մէկ հանգրուանով:
Ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց երկու յաղթանակ, յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Պարաղեմ Նապաթիէն (3-0) եւ լիբանանեան բանակը (3-2):
CATEGORIES Մարզական

