Ուաշինկթըն Ընդլայնած Է «Մակնիթսքիի Ցուցակը»` Ներառելով Նաեւ Ազրպէյճանցի Մը

Իկոր Ալիսով

Իկոր Ալիսով

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը «Մակնիթսքիի գործով» պատժամիջոցներ սահմանած է Ռուսիոյ յաւելեալ 12 քաղաքացիներու դէմ, որոնք մեղաւոր կը նկատուին մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար:

Ցանկին վրայ յայտնուած են Իկոր Ալիսով, Ալեքսանտրա Կաուս, Վիաչեսլաւ Խլեպնիքով, Տմիթրի Քլիուեւ, Տմիթրի Քրաթով, Անտրէյ Մարքելով, Վլատեն Սթեփանով, Ումար Շուկայիփով, Ֆիքրեթ Թակիեւ եւ Մուսա Վախայեւ:

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը նշէ, որ Ֆիքրեթ Թակիեւը` «Մաթրոսսքայա թիշինա» քննչական մեկուսարանի ղեկավարը, ազրպէյճանցի է:

Միացեալ Նահանգներու մէջ որդեգրուած էր այսպէս կոչուած «Մակնիթսքիի օրէնքը» կամ «Մակնիթսքիի ցուցակը», որ կը նախատեսէ մուտքի արտօնագիրի եւ տնտեսական պատժամիջոցներու կիրարկում Ռուսիոյ այն պաշտօնեաներուն նկատմամբ, որոնք մեղաւոր են «Հերմիթէյճ Քափիթըլ» հիմնադրամի իրաւաբան Սերկէյ Մակնիթսքիի մահուան եւ մարդու իրաւունքներու խախտման համար:

Ատոր ի պատասխան Ռուսիոյ Տուման որդեգրած էր «Տիմա Եաքովլեւի ցուցակը», որ ամերիկացիներուն կ՛արգիլէ ռուս երեխաներ որդեգրել:

 

Share this Article
CATEGORIES