Շուէտի Շրջաններէն Մէկուն Մէջ Ուսուցիչներուն Կ՛արգիլեն Աշակերտներուն Տնային Պարտականութիւն Յանձարարել
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ կեդրոնական Շուէտի Հալսթամմար քաղաքը պիտի դառնայ թագաւորութեան առաջին շրջանը, ուր աշակերտներուն տնային աշխատանքներ պիտի չյանձնարարեն: Ատիկա կարելի պիտի դառնայ շրջանային վարչակազմին մէջ Ձախ եւ Ընկերվար-ժողովրդավարական աշխատանքային կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք:
Առաջարկին նախաձեռնողը նախկին ուսուցիչ, այժմ քաղաքական գործիչ Ռիքարտ Անտերսընն է, որ «Սի.Պի.Թի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացատրած է. «Մենք հարցականի տակ կը դնենք տնային պարտականութիւններու վերաբերեալ աւանդական մօտեցումը: Ատոր փոխարէն մենք պիտի փափաքէինք դպրոցներուն մէջ ստեղծել պայմաններ, որպէսզի աշակերտները կարենան պարտականութիւնները կատարել տեղւոյն վրայ` դասարաններուն մէջ»:
Անտերսըն չի հերքեր անցած դասերը տան մէջ կրկնելու օգուտը, սակայն իր կարծիքով` տնային պարտականութիւնները պէտք չէ դառնան ծնողներու պարտականութիւնը:
Առաջարկը կեանքի պիտի կոչուի արդէն 2015-ի աշնան: Սեպտեմբեր 2014-ին Շուէտի մէջ քաղաքային եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ նախատեսուած են: «Ատիկա նախընտրական ծրագիրի կարեւորագոյն կէտերէն մէկն է. բոլորին համար հաւասար դպրոցներու ստեղծում», կը նշէ Անտերսըն:

