Ըստ Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան. Հարկադիր Աշխատանքը Միլիառաւոր Եկամուտներ Կ՛ապահովէ
«Տէօչը Վելը» կը գրէ, որ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը կ՛ահազանգէ, որ երկրագունդի աւելի քան քսան միլիոն բնակիչ այսօր ստիպուած է զբաղիլ ստրկական աշխատանքով:
Ամբողջ աշխարհի վրայ հարկադիր աշխատանքի անօրինական օգտագործումէն ընդհանուր եկամուտը տարեկան 150 միլիառ տոլար է: Այդ թիւին շուրջ երկու երրորդը` 99 միլիառ տոլարը կը գոյանայ մարդոց սեռային շահագործումէն: Այդպիսին են ՄԱԿ-ի մասնագիտացուած կառոյցի` Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան կատարած հետազօտութեան տուեալները, որոնք 20 մայիսին հրապարակուած են Ժընեւի մէջ:
Հարկադիր աշխատանքը աւելի շատ տարածուած է Ասիոյ մէջ, ուր «զոհերու» շարքին շատ բարձր է թիւը անոնց, որոնք կը շահագործուին սեռային «արդիւնաբերութեան» մէջ: Ասիոյ կը յաջորդէ Լատին Ամերիկան, Հարաւային Եւրոպան եւ յետխորհրդային տարածքը:
Հարկադիր աշխատանքը լայնօրէն կը կիրարկուի նաեւ զարգացած երկիրներուն մէջ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներ:

