Անդրադարձ. Սթաթիւս Քոյի Ակամայ Ամրապնդման Ծառայող Յայտարարութիւն Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Այն բոլոր քայլերէն ետք, որ Ռուսիա ձեռնարկեց Խրիմի մէջ, ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել, թէ Մոսկուա կամ այլ երրորդ կողմ մը ինչպէ՛ս ստեղծուած կացութիւնը պիտի օգտագործէ»: Յայտարարութիւնը տագնապին առնչակից երկու կողմերը վախցնելով` տագնապին լուծումը յառաջ մղելու փորձ մըն էր: Մինչ Մոսկուայի նշումը յստակ էր, որ Ազրպէյճանին համար էր` «երրորդ կողմ»-ի ինքնութեան ընկալումը դիւանագիտական ճարպիկ հնարքով մը ձգուած է զայն ընկալող կողմին: Հայաստանի համար «երրորդ կողմը» Թուրքիան է, իսկ Ազրպէյճանի համար` Իրանը` նկատի ունենալով Պաքու-Թեհրան յարաբերութեանց մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները:
Դեսպանին յայտարարութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, որ ամերիկեան կողմին ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերուն մէջ վերջերս նշմարուող աշխուժացումը ուղղակիօրէն կապուած է Ուքրանիոյ զարգացումներուն:
Սակայն դժուար թէ ամերիկեան կողմը այն պատրանքը ունենայ, թէ կրնայ ղարաբաղեան տագնապը լուծել ինքնուրոյն` առանց ռուսական կողմին: Վերջինս դժուար թէ ձեռնածալ մնայ ի տես այդպիսի փորձի մը:
Իրողութեան մէջ ամերիկեան կողմի ցուցաբերած աշխուժութիւնը Ռուսիոյ ուղղուած տողատակի սպառնալիք մըն է: Գաղտնիք չէ, որ ներկայ սթաթիւս քոն Ռուսիոյ կողմին կը տրամադրէ ազդեցութեան լծակներ: Ամերիկեան կողմէն հնչող յայտարարութիւններուն նպատակը տագնապի լուծման նպաստելը չէ, այլ առնչակից կողմերը հակազդելու մղելով` յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծել եւ այդպիսով վտանգել Ռուսիոյ համար այնքան նպաստաւոր սթաթիւս քոն: Ուքրանական ճգնաժամէն թելադրուած ամերիկեան ժամանակաւոր մարտավարութեան վերջնական արդիւնքը պիտի ըլլայ ներկայ սթաթիւս քոյի ամրապնդումը, որովհետեւ երկխօսութեան մթնոլորտի ստեղծման չի նպաստեր, այլ կեցուածքներու կարծրացման:

