Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Երէկուան մրցումէն
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութ իր դաշտին վրայ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, որուն շնորհիւ բնականաբար ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 3-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք իր մրցակիցը` Պիպլոսը:
Մրցումը աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 73-70 արդիւնքով (16-17, 40-32, 53-48 եւ 73-70):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պիպլոսի մարզիկներէն Ճեսմըն Եանկպլատ` 31 կէտ, մինչ անոր խմբակից Միքա Վուքոնա` 14 կէտ:
Ռիատիէն Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 15 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

