Ճատրակ. Միացեալ Նահանգներու Ախոյեանութիւն. Վարուժան Յակոբեան Եւ Տաթեւ Աբրահամեան Հանդիսացան Փոխախոյեաններ

2105chess-usaՍենթ Լուիս քաղաքին մէջ (Միացեալ Նահանգներ) աւարտած Ամերիկայի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքերուն փայլուն արդիւնքներու հասան Միացեալ Նահանգները ներկայացնող հայազգի կրանտմասթըրներ Վարուժան Յակոբեանն ու Տաթեւ Աբրահամեանը, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` մէջբերելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին (armchess.am) կողմէ հրապարակուած մէկ լուրը:

Դասական մրցաշարքին ընթացքին անոնք երկուքն ալ բաժնեցին 1-3 դիրքերը եւ մասնակցեցան յաղթականին անունը վճռող լրացուցիչ` փլէյ-օֆի մրցումներուն:

Թէեւ առաջինին անոնք յաղթանակ արձանագրեցին, սակայն երկրորդին պարտութիւններ կրելով, բաւարարուեցան արծաթ մետալով:

Share this Article
CATEGORIES