Կռփամարտ. Արտեոմ (Արտ) Յովհաննիսեան Պիտի Մենամարտի Միացեալ Նահանգներու Ախոյեանութեան Տիտղոսին Համար
Հայ կռփամարտիկ Արտեոմ «Արտ» Յովհաննիսեան Սիեթըլի մէջ պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան տիտղոսին համար կատարուելիք կռփամարտի մենամարտին, կը յայտնէ ArmSport.am` վկայակոչելով elcomercio.pe կայքին հրապարակած մէկ լուրը:
Թեթեւ կարգի 32 տարեկան Յովհաննիսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ճոնաթըն Մարսելօ (Փերու), որ «WBA»-ի դասակարգով Հարաւային Ամերիկայի գործող ախոյեանն է:
Նշենք, որ Յովհաննիսեան, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կը շարունակէ մնալ անպարտելի` արձանագրելով 18 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն:
CATEGORIES Մարզական

