Ուքրանիա. «Ընտրութիւնները Պէտք Է Կատարուին Մէկ Փուլով, Որովհետեւ Երկրորդը Կրնայ Չկատարուիլ» Կ՛ըսէ Փորոշենքօ

Փիոթր Փորոշենքօ

Փիոթր Փորոշենքօ

«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահութեան թեկնածու Փիոթր Փորոշենքօ յայտարարած է, որ եթէ 25 մայիսին նշանակուած նախագահական ընտրութիւնները մէկ փուլով տեղի չունենան, ապա երկրորդ փուլը կրնայ ընդհանրապէս տեղի չունենալ:

«Այսօր յստակ է, որ եթէ առաջին փուլին ընտրութիւն չըլլայ, երկրորդ փուլը կրնայ տեղի չունենալ: Ապակայունացման մակարդակը հաւանաբար դառնայ այնպիսին, որ մենք ստիպուած ըլլանք պայքարիլ օրինականութեան համար», ըսած է Փորոշենքօ:

Ան նաեւ նշած է, որ այժմ քաղաքացիներուն քաղաքական աշխուժութիւնը չափազանց բարձր է, եւ ընտրատեղամասերուն մէջ 25 մայիսին ընտրողներու մասնակցութիւնը բարձր պիտի ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES