Ռուսիա Չինաստանի Հետ Կազի Շուրջ Համաձայնութիւն Մը Կնքած Է

Համաձայնագիրի կնքումէն պահ մը

Համաձայնագիրի կնքումէն պահ մը

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնն ու Չինաստանի քարիւղի եւ կազի «Սի.Էն.Փի.Սի.» ընկերութիւնը Չինաստան ռուսական կազի մատակարարման մասին համաձայնութիւն ստորագրած են:

Խօսքը տարեկան մինչեւ 38 միլիառ խորանարդ մեթր կազի մատակարարման վերաբերեալ համաձայնութեան մասին է:

Համաձայնութեան ստորագրութիւնը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ղեկավարներ Վլատիմիր Փութինի եւ Սի Ձինփինի ներկայութեամբ:

Երեսուն տարուան ժամկէտով համաձայնագիրին ընդհանուր արժէքը 400 միլիառ տոլար է:

Share this Article
CATEGORIES