Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ իրենք կը զօրակցին բռնագրաւեալ Պաղեստինի տիւրզիներուն կողմէ Իսրայէլի դէմ գործուելիք դիմադրական որեւէ արարքի:
ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ջնջեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենար այսօր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ երեկոյեան ընդունած է Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, ներկայութեամբ` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, նախկին նախարար Մարուան Խէյրէտտինի եւ նախկին երեսփոխան Մարուան Ապու Ֆատելի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներկայ շրջանին դիմագրաւուելիք հաւանական բոլոր մարտահրաւէրները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան ամերիկեան-իսրայէլեան քաղաքականութեան դէմ իրենց կեցուածքներուն եւ երբեք չեն մտածեր տեղի տալու մասին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած ներկայ կեցուածքները ցոյց կու տան, թէ 25 մայիսէն առաջ կարելի պիտի չըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ խորհրդակցութիւնները չեն քաջալերեր, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը մասնակցի այսօրուան նիստին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալի հետ հանդիպումներն ու քննարկումները տակաւին ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն միակն է, որ այլ ուժերու նկատմամբ նախաձեռնութիւններ առաջադրեց:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի մաղթեց, որ լիբանանցիները կարենան ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը, որ բոլորին կողմէ ընդունուած ըլլայ:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան շեշտեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ ազգային սկզբունքներուն դէմ դնելը կը միտի Լիբանանը ուղղել դէպի անորոշութիւն:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական երկփեղկումը պատճառ պիտի դառնայ, որ արտաքին ուժեր միջամուխ դառնան երկրին հարցերուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կորսնցուցած են հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու առիթը` աւելցնելով, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը պահանջած է երկարաձգել նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը:

