Վարչապետ Սալամ Քննարկեց Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Լիբանան Կատարելիք Այցելութեան Վերաբերող Հարցերը

Ապու Ֆաուր եւ վարչապետ Սալամ

Ապու Ֆաուր եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Վարչապետ Սալամ նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրետերիքա Մոկերինիի 5-7 յունիս Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ 17 յունիսին Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք լիբանանեան բանակի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES