Թըպպանէի Մէջ Բանակը Դարձեալ Կ՛ենթարկուի Յարձակումի
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը երէկ առաւօտեան Թըպպանէի մէջ շարունակած է իր ներխուժումները` ձերբակալելու համար իր դէմ յարձակում գործած յանցագործները:
Իբրեւ հետեւանք բանակին բանեցուցած ճնշումներուն, Թըպպանէի մէջ Թալալ Մուսթաֆա Իսա, Խալետ Ժամալ Ռայի եւ Մահմուտ Մուսթաֆա Հալլաք, որոնք գործած էին բանակին դէմ յարձակումները, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան անձնատուր եղան:
Միւս կողմէ, Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ֆատի Սուան մահապատիժի վճիռ առաջարկեց պաղեստինցի Պիլալ Մ.ի դէմ:
Նշենք, որ Պիլալ Մ. ամբաստանուած է ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումի մը պատկանելու եւ պաղեստինեան Միէ Միէ գաղթակայանին մէջ պայթումներ ու ոճիրներ գործելու յանցանքով:
CATEGORIES Լիբանանեան

