Պասիլ Ընդունեց Իրանի Նոր Դեսպանը

Պասիլ եւ Իրանի նոր դեսպանը
Լիբանանի մէջ Իրանի նոր դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալի ժամանեց Պէյրութ` ստանձնելու համար դիւանագիտական իր պաշտօնը:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ալի դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտանի կողմէ:
Համտան բարձր գնահատեց Լիբանանի նկատմամբ Իրանի ցուցաբերած արտակարգ զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը` յատկապէս իր հողերն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու Լիբանանի իրաւունքին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով:
Համտան բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց դեսպան Ալիի:
Իր կարգին, Ալի ընդգծեց Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հեզասահ ու ամրապնդուած յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` հզօրացնելու համար երկկողմանի գործակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Ալի այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր ընդունուեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:
Ալի իր լիազօրագիրն ու հաւատարմագիրը յանձնեց Պասիլի, որ իր կարգին զանոնք փոխանցէ հանրապետութեան նախագահին:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Պասիլի հետ համաձայնած է, որ մօտիկ ապագային լուրջ աշխատանքներ պիտի տարուին` ամրապնդելու համար փոխադարձ գործակցութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ:

