Ռայի Պատրիարքը Կը Վերահաստատէ Նախագահական Աթոռը Թափուր Չձգելու Անհրաժեշտութիւնը

Մորապեթօ եւ Ռայի պատրիարքը

Մորապեթօ եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար, նախագահական թեկնածու Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ Պքերքէէն յայտնեց, որ երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյացումով նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստը դիտմամբ խոչընդոտելը ժողովրդավարական քայլ չէ` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը ցաւալի է:

Ժահժահ մաղթեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ներկայ գտնուի այսօրուան նիստին, եւ եթէ ան խորհրդարանին երկու երրորդին քուէն ստանայ, ապա ինք պիտի ըլլայ զայն շնորհաւորող առաջին անձը:

Ժահժահ շեշտեց, որ ինք Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահած է Ֆրանսայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին:

Ան շեշտեց, որ իրենք կարելի բոլոր լուծումներուն մասին կը մտածեն` կանխարգիլելու համար նախագահական «բաց»-ը:

Ժահժահ աւելցուց, որ ինք Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է նաեւ որոշ միտքեր, որոնք այս հանգրուանին բացայայտուելու յարմար չեն:

Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց մարոնի համայնքի գլխաւոր երեք հաստատութիւններուն նիստին, որմէ ետք խստիւ մերժուեցաւ սահմանադրութեան խախտումը:

Ժողովէն ետք բխած հաղորդագրութեան մէջ երեսփոխաններուն զգուշացում տրուեցաւ երկրին սահմանադրութիւնը խախտելէ եւ զօրակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին այն կեցուածքին, թէ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին մէջ` պահպանելու համար Լիբանանը բաղկացնող հիմնական տարրերէն քրիստոնեայ բաղկացուցիչը:

Պէտք է նշել, որ վերոնշեալ ժողովէն Ռայի պատրիարքը կարճ ժամանակով բացակայեցաւ` հանդիպելու համար Պքերքէ ժամանած Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի հետ:

Մորապեթօ յայտնեց, թէ Իտալիա մտահոգ է, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կարելի պիտի չըլլայ կատարել:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ նախագահական ընտրութեան այլ թեկնածու երեսփոխան Հանրի Հըլուն, որ յայտնեց, թէ ինք քաղաքական բոլոր կողմերուն նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն կը վարէ, որովհետեւ Լիբանան կարիքը ունի կամուրջներու:

Ռայի պատրիարքին այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի եւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Ֆարհաթ:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտանի:

Հանդիպումէն ետք Հարտան յայտնեց, որ իրենք համաձայն են Ռայի պատրիարքին այն կեցուածքին, թէ նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին պէտք է կատարուի:

Անդրադառնալով Ռայի պատրիարքին Ս. Հողեր կատարելիք այցելութեան, Հարտան յայտնեց, որ իրենք Ռայի պատրիարքին եւ անոր բոլոր կեցուածքներուն նկատմամբ մեծ յարգանք կը տածեն:

 

Share this Article
CATEGORIES