Զօր. Աուն. «Դիմադրութեան Իրաւունք Ունի Իւրաքանչիւր Ժողովուրդ, Որուն Հողերը Բռնագրաւուած Են»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ հաստատեց, որ իւրաքանչիւր մարդ իրաւունք ունի ազատագրելու իր բռնագրաւուած հողերը: Ան շեշտեց, որ ոչ ոք բռնագրաւուած հողը կը վերադարձնէ, այլ անիկա կ՛ազատագրուի արեան գնով, «իսկ դիմադրութիւնը իրաւունքն է բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնց հողերը բռնագրաւուած են: Հետեւաբար մենք ոչ մէկ ձեւով կրնանք «խաղալ» Դիմադրութեան մասին մեր կեցուածքներով», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը չէ քննարկուած, այլ` գտնուած են քաղաքական ուժեր, որոնք քննարկած են Դիմադրութիւնը ապազինելու թղթածրարը:
Ան նշեց,որ առանց ժողովուրդին հաւանութեան Դիմադրութիւն չ՛ըլլար, ինչպէս նաեւ կացութիւնը դժուար կ՛ըլլայ, եթէ Դիմադրութեան ետին երկրին սահմանները պաշտպանող բանակ մը չըլլայ:
Զօր. Աուն իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային շնորհաւորեց զայն` հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան տօնին առիթով եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոր:
Ան շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը վերադարձնելու համար իր բնականոն ընթացքին, ինչպէս նաեւ բոլորին հետ համաձայնութիւն կ՛ուզեն գոյացնել Լիբանանի շահերուն շուրջ:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ վեհագոյնը կը մնայ Լիբանանը ազատագրած նահատակներուն փառքը:

