Նախագահ Սլէյման Ողջունեց Խորհրդարանը` Անոր Սահմանադրական Դերակատարութեան Համար

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ողջունեց խորհրդարանը` անոր սահմանադրական դերակատարութեան համար. ան շեշտեց, որ խորհրդարանին յղած իր նամակին քննարկումը դրուատիքի արժանի է:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ երեսփոխաններուն կողմէ խորհրդարանի նիստերուն ներկայ գտնուիլը շատ կարեւոր է` հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու նպատակով:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան նիստին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սալամ, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններու պատասխանատուներ:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու եւ ապահովական ուժերուն ու կառոյցներուն հետ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանել:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերը:

