Խորհրդարանը Յատուկ Նիստի Մը Ընթացքին Քննարկեց Նախագահ Սլէյմանի Նամակը

Խորհրդարանի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութեան մասին խորհրդարանին յղուած հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նամակը, որուն մէջ կոչ ուղղուած էր երեսփոխաններուն` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին:

Նիստէն բացակայեցան Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքներուն անդամները:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստը օրինաւոր նկատուելու համար խորհրդարանին երկու երրորդին ներկայութիւնը իր ստեղծագործութիւնը չէ, այլեւ` սահմանադրութեան տրամադրութիւններէն մէկն է:

Պըրրի աւելցուց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու վերջին տասը օրերուն խորհրդարանի նիստերը բաց կը նկատուին եւ կարիք չկայ մնայուն կերպով նիստերու հրաւիրելու:

Ան շեշտեց, որ վաղուընէ սկսեալ ինք պատրաստ է որեւէ պահու` նոյնիսկ կէս գիշերին, նախագահելու նախագահական ընտրութեան նիստին, պայմանաւ որ երեսփոխաններուն երկու երրորդը ներկայ ըլլան:

Նիստէն ետք, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ այս կամ այն թեկնածուին կառչած մնալը եւ համախոհական թեկնածու մը գոյացնելու իմաստով ճիգ չթափելը իր կարգին նախագահական ընտրութեան հոլովոյթի խոչընդոտում է:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելով` նախագահական ընտրութիւն կատարելու հեղինակութիւնը լիբանանցիներէն խլած եւ արտաքին ուժերուն շնորհած կ՛ըլլանք:

Երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշ քննադատեց նախագահ Սլէյմանի նամակին բովանդակութիւնը` շեշտելով, որ խորհրդարանը ունի իր նախագահը եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու օրէնքները: Ան պահանջեց նամակը վերադարձնել նախագահ Սլէյմանին:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման բաւական ուշացած է խորհրդարանին նման նամակ մը յղելու:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դրուատեց նախագահ Սլէյմանի դերակատարութիւնը` զայն կոչելով քաջ նախագահ մը: Ան աւելցուց, որ այսօրուընէ իսկ կարելի է ըսել, որ նախագահական աթոռը թափուր պիտի մնայ:

Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որմէ իմացաւ Սէուտական Արաբիա անոր կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Խորհրդարանի նախագահը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին սկզբունքով պիտի նախագահէ նախագահական ընտրութեան նիստին:

Share this Article
CATEGORIES