Ղարաբաղ – Ազրպէյճան Շփման Գիծին Վրայ Հայ Զինուոր Մը Նահատակուեցաւ

C6CCFFF3-658EԵրեքշաբթի օր, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ հակառակորդի կողմէ արձակուած փամփուշտէն մահացու հրազէնային վէրք ստացաւ քսանամեայ զինուոր Արթուր Սէյրան Օհանջանեան, կը հաղորդէ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արթուր Օհանջանեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

«For-Service-in-Battle»-medalԴէպքին մանրամասնութիւնները  պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

Տեղի ունեցածին առիթով հաղորդագրութիւն հրապարակեց նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` նշելով, մասնաւորաբար, որ «կը կիսէ ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը  կը  յայտնէ Արթուր Օհանջանեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»:

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ստորագրեց հրամանագիր, որուն համաձայն` պետական սահմանը պաշտպանելու գծով ցուցաբերած արիութեան համար Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի ԷՆ  զօրամասի ջոկատի հրամանատար, կրտսեր տասնապետ Արթուր Օհանջանեան յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: Այդ մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքը:

 

Share this Article
CATEGORIES