Մանոյեան. «Ազրպէյճանի Ապակառուցողական Կեցուածքին Մէջ Մեղքի Իրենց Բաժինը Ունին Համանախագահները»

Կիրօ Մանոյեան
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը յայտարարութիւն մը կատարեց, Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը ներկայացուց, եւ անոր միջոցով Միացեալ Նահանգներ ուզեցին ցոյց տալ, որ շրջանին մէջ տակաւին աշխոյժ են եւ պատրաստ համագործակցելու Ռուսիոյ հետ որոշ խնդիրներու շուրջ` անկախ Ուքրանիոյ հարցէն: Այս մասին «Երկիր»-ին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Անկէ ետք համանախագահները եկան շրջան: Համանախագահներու առաքելութիւններէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի յարակից, անոնց գնահատումով` «գրաւուած» տարածքներ այցելելն էր: Անոնք եկած էին նաեւ` այդ տարածքներուն զարգացումները տեսնելու», ըսաւ Մանոյեան:
Անդրադառնալով «Երկիր»-ի այն դիտարկման, թէ նախքան համանախագահները հանդիպումներ ունենան ու յայտարարութիւններ կատարեն, այդ ընթացքին Ազրպէյճանի մէջ գերութեան մեջ գտնուելու ընթացքին ստացած վէրքերուն պատճառով մահացաւ հայկական կողմին վերադարձուած Մամիկոն Խոջոյեան, եւ ինչո՞ւ համանախագահներու յայտարարութիւններուն ու դիրքորոշումներուն վրայ չեն անդրադառնար այսպիսի դէպքերը, կամ չի՞ կրնար, օրինակ, այդ ցաւալի դէպքը առիթ դառնալ, որ հայկական կողմը փոխէ բանակցային հոլովոյթին նկատմամբ իր մօտեցումները, Մանոյեան պատասխանեց, թէ անոր համար աւելի լաւ առիթներ եղած են, պարտադիր չէ, որ նախկին գերիի մահուան առնչութեամբ Հայաստան քայլեր առնէ: «Այդ առիթներէն վերջինը, թերեւս, կապուած է համանախագահներու այցելութեան հետ` Պաքուի մէջ համանախագահներու հետ Ազրպէյճանի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը չէին հանդիպած, բայց համանախագահները իրենց յայտարարութեան մէջ փորձեցին համահաւասարեցնել` ըսելով, թէ ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Պաքուի մէջ հանդիպած են բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ: Թող ըսէին` Հայաստանի մէջ հանդիպեցանք նախագահին հետ, իսկ Ազրպէյճանի մէջ` պաշտպանութեան նախարարին հետ: Այսինքն` անոնց պահուածքին` կեղծ հաւասարութեան նշան դնելու փորձերու պատճառով արդէն իսկ համանախագահներուն նկատմամբ վերաբերմունքի հարց պէտք է բարձրացուի Հայաստանի կողմէ: Չնշենք, որ այլ առիթներ ալ եղած են, ինչպէս Հունգարիոյ խնդիր, յարձակումներ եւ այլն», նշեց Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ անոր, այսքան անարդարութիւն շատ է. «Չէք տեսնուած, գրեցէք չենք տեսնուած, կամ գրեցէք, թէ որուն հետ տեսնուած էք, ու կարդացողը կը հասկնայ, թէ ի՛նչ մակարդակի հանդիպումներ տեղի ունեցած են: Այլապէս` կարդացողը չի հասկնար, որ նախագահի հետ անոնք Պաքուի մէջ չեն հանդիպած»:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ գլխաւոր թերացումը, որ կայ այս ձեւաչափին մէջ, ըստ Մանոյեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութեան բացակայութիւնն է բանակցային հոլովոյթին:
Թէ ինչի՞ կրնայ յանգեցնել իրադարձութիւններու այսպիսի ընթացքը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն պարզաբանեց, որ եթէ համանախագահները այսքան անարդար պէտք է ըլլան` բոլորին աչքերուն առջեւ եղածը կամ չեղածը չտեսնելու պէտք է տան եւ փորձեն ամէն ինչ հաւասարեցնել, ապա պարզ է, որ Ազրպէյճան անոնցմէ երես կ՛առնէ ու անընդհատ կը փորձէ իր ձեւերով իր ուզածին հասնիլ: «Ազրպէյճանի, մեղմ ըսելով, ոչ կառուցողական կեցուածքին մէջ մեղսակից կը նկատուին թէ՛ համանախագահները` իբրեւ անհատներ, թէ՛ համանախագահող պետութիւնները` իբրեւ պետութիւններ, երբ այսքան անարդար ձեւով կը մօտենան հարցերուն», շեշտեց Մանոյեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճան բազմիցս հրաժարած է իր նախնական դիրքորոշումներէն, խախտած է կամ չէ կատարած համաձայնութիւնները, իսկ հիմա Հայաստան կրնա՞յ նոյն կերպով խախտել որոշ համաձայնութիւններ, Մանոյեան նշեց, թէ նոր համաձայնութիւն չկայ, համաձայնութիւն ընդհանրապէս չկայ: Անկէ հրաժարած է Ազրպէյճանը, ու անոնք արդէն գոյութիւն չունին:
Իսկ թէ որո՞նք պէտք է ըլլան Հայաստանի քայլերը ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Մանոյեան նշեց, որ հայկական կողմը քանի մը ուղղութիւններով պէտք է շարունակէ աշխատիլ` բանակցութիւններէն անկախ, եւ եթէ հակառակ կողմը չ՛ուզեր բանակցիլ, թող չբանակցի: «Հայկական կողմը պէտք է շարունակէ փաստացի, առկայ իրավիճակը փոխել, որուն համար կրնայ նաեւ քննադատութեան ենթարկուիլ, ատիկա գիտնալով հանդերձ` պէտք է ընէ: Միւսը` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանքներ իրականացնէ: Եթէ մենք 5-6, թէկուզ 3 պետութիւն գտնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ ունենան այն մակարդակի յարաբերութիւններ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի, արդէն ատիկա բաւական մեծ ճնշում կ՛ըլլայ Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի իր երեխայական մօտեցումներէն հրաժարի ու քիչ մը լրջանայ », նշեց Կիրօ Մանոյեան:

