Ազրպէյճանական Գերութենէն Ազատած Ծերունի Մամիկոն Խոջոյեան Մահացաւ
Երեքշաբթի, 21 մայիսին մահացաւ ազրպէյճանական գերութենէն ազատած 77-ամեայ Մամիկոն Խոջոյեան: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Վերին Կարմիրաղբիւրի գիւղապետ Կամօ Չոպանեան նշեց, որ Խոջոյեան արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր ինքզինք անհանգիստ կը զգար: «Ճաշ չէր ուտեր, անշարժ վիճակի մէջ կը գտնուէր, նոյնիսկ զայն հիւանդանոց փոխադրել չէինք կրնար, բժիշկները կու գային անոր այցելութեան: Վերջին օրերուն անգիտակից վիճակի մէջ կը գտնուէր»: յայտնեց Չոպանեան:
Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանցիները խոշտանգած էին 77-ամեայ ծերունին, որ ունէր նաեւ հոգեկան տագնապներ:
CATEGORIES Հայկական

