90 Տարի Բեմին Վրայ. Ազնաւուրի 90-Ամեակ

1400753702Նշանաւոր երգիչ Շարլ Ազնաւուր 22 մայիսին նշեց իր ծննդեան 90-րդ տարեդարձը: Անոր մասնագիտական գործունէութիւնը սկսած է իր երիտասարդ տարիքին: Ազնաւուր առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 81 տարի առաջ, երբ ան 9 տարեկան էր: Իր կեանքին ընթացքին արուեստագէտը մեկնաբանած է աւելի քան 1000 երգ եւ նկարահանուած շուրջ 60 ժապաւէններու մէջ: Նոյնիսկ այսօր, երբ ողջ Ֆրանսան կը նշէ անոր ծննդեան օրը, Շարլ Ազնաւուր կը շարունակէ աշխարհը զարմացնել եւ հմայել իր ստեղծագործական ուժով:

Բուն անունով Վաղինակ Ազնաւուրեան ծնած է 22 մայիս 1924-ին, Փարիզ: Երգիչ, յօրինող, բանաստեղծ, դերասան, Հայաստանի Ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուր իր երգարուեստով ստեղծած է ինքնատիպ դպրոց: Անոր երգերը ակունքներով կապուած են հայկական տաղերուն եւ մեծ ճանաչում ունին: Բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր է, պարգեւատրուած է Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի 2 շքանշանով:

2405Charles-Aznavour2009-ին Ազնաւուր նկատուած է 20-րդ դարու լաւագոյն երգիչը:

Շարլ Ազնաւուրի հայրը` Միշան, ծնած է Վրաստանի Ախալցխա, մայրը` Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքներուն մէջ: Անոր ընտանիքը սերտ կերպով կապուած էր ազգային սովորութիւններուն, մայրենի լեզուին, եկեղեցւոյ: Ծնողները կը մասնակցէին հայերուն կազմակերպած թատերական ներկայացումներուն, որոնց ներկայ կ՛ըլլար նաեւ Շարլ: Մանկուց ան մեծ հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի հանդէպ: Կը յաճախէր թատերական դպրոց: Ծնողներուն օգնելու համար պատանի Շարլ ելոյթներ կ՛ունենայ փոքր ներկայացումներու մէջ եւ կ՛երգէ եկեղեցւոյ մէջ:

Աւելի ուշ սկսած է երգեր գրել ժամանակի նշանաւոր երգիչներուն համար: 1946-ին ծանօթացած է հանրայայտ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի, եւ միասին շրջագայած եւ համերգներ տուած են: Սկզբնական շրջանին երգած է Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման հասած է 1959-ին, Փարիզի «Օլեմփիա» համերգասրահին մէջ տուած ելոյթէն ետք: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ, համերգներով հանդէս եկած է նաեւ Երեւանի մէջ:

Ազնաւուր գրած է 1000-է աւելի երգեր` «Սա է վերջը», «Մամա», «Իզապէլ», «Երկու կիթառ», «Սիրելէ ետք», «Ջահելութիւն» եւ այլն: Անոր երգերուն սկաւառակները հրապարակուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերուն լաւագոյն կատարողն է:  Ազնաւուր երգած է Լուչիանօ Փաւարոթթիի, Փլասիտօ Տոմինկոյի, Լայզա Մինելլիի, Միրէյ Մաթյէօյի, Փաթրիսիա Քաասի հետ: Դստեր` Սեդայի հետ կատարած է Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը: Գրած է նաեւ օփերային երաժշտութիւն: Ազնաւուր նկարահանուած է 60-է աւելի ժապաւէններու մէջ` «Հռենոսի անցումը», «Սատանան եւ տասը պատուիրանները», «Հայր Գորիօ» եւ այլն, իսկ «Գլուխը` պատը» ժապաւէնին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակին: Ուշագրաւ է անոր դերակատարութիւնը Աթոմ Էկոյեանի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Արարատ» ժապաւէնին մէջ:

1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան բազմիցս այցելած է Հայաստան, այցելած է աղէտի գօտի: Փարիզի մէջ հիմնած է երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որուն ներկայացուցչութիւնը բացած է Երեւանի մէջ: Երգիչ եւ յօրինող Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Քեզի համար, Հայաստան» երգը, հրապարակած է տեսահոլովակ` Ֆրանսայի 90 երգիչի ու դերասանի մասնակցութեամբ:

1995-էն ի վեր Հայաստանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպանն է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մնայուն պատուիրակը Հայաստանի մէջ: 2009-ին նշանակուած է Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Զուիցերիոյ մէջ: Պարգեւատրուած է Լեռնային Ղարաբաղի «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ Թէքէեան մշակութային միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշաններով:

Գրած է «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին» (1975), «Անցած օրեր» (2004) յուշագրութիւնները:

Ազնաւուրի անունով կոչուած են հրապարակ Երեւանի մէջ, Վաղարշապատի դրամատիկական թատրոնը, իսկ 2000-ին Գիւմրիի մէջ անոր անունը կրող հրապարակին վրայ կանգնեցուած է իր յուշարձանը: Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004-ին դրուած է Մատամ Թիւսոյի թանգարանին մէջ: 2009-ին Երեւանի մէջ բացուած է Ազնաւուրի թանգարանը:

Share this Article
CATEGORIES