Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կեդրոնացած էք ձեր աշխատանքներուն վրայ, մոռցած էք ձեր շուրջի անցուդարձերը, նոյնիսկ` ձեր բարեկամները: Դուրս ելէք չափազանցուած այս վիճակէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բծախնդրութիւնը որոշ չափով օգտակար է` լաւագոյնը իրագործելու, բայց ծայրայեղութիւնն ալ իր սահմանը ունի: Հետեւաբար պարզամիտ եղէք երբեմն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կը մտածէք ամառնային արձակուրդը լաւագոյն ձեւով վայելելու: Սկսած էք հանգիստ վայրերու հասցէներ փնտռելու: Հեռուները երթալու պէտք չունիք, կարեւորը բնութեան մէջ ըլլալն է, ուր լռութիւնը կը տիրապետէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր պրպտումներ կատարելու պիտի սկսիք ձեր արհեստին կամ արուեստին վերաբերեալ նորութիւններ ստանալու համար: Շարունակեցէք, կը յաջողիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կատարեալին հասնելու ձեր ձգտումը արդիւնաւորուած է արդէն, հետեւաբար յաւելեալին պահանջով մի տագնապիք: Ձեր ունեցածը բաւ համարեցէք, չէք յոգնիր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հեռաւոր ծանօթներէ եւ բարեկամներէ նոր լուրեր պիտի ստանաք: Գոհունակութեամբ պիտի ընդունիք տեղեկութիւններ: Ձեր բարեկամները ձեզ չեն մոռցած, պատասխանեցէք անոնց գրութիւններուն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մարդը մարդով կրնայ երջանկանալ, եթէ գտած է իրեն համախոհ անձը: Մի՛ կարծէք, որ անկեղծ մարդ չկայ, լաւ ճանչցէք ձեր շրջապատին մէջ ապրողները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բախտին չէք հաւատար, բայց անիկա ներկայ է արդէն ձեր մօտ: Տրտունջը օգուտ չունի, գոհունակութիւնը հոգին կը մխիթարէ, սիրտը կը հանդարտեցնէ: Արժեւորեցէք կեանքին բարիքները եւ դուք ձեզ բախտաւոր զգացէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յետաձգեցէք այն որոշումը, զոր պիտի իրագործէիք այսօր: Օրեր կան, երբ կեանքին անիւը դանդաղ կը դառնայ: Հարց մը լուծելու պարտաւոր էք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ կը կարծէք, որ յաւելեալ ծախսեր կատարած էք վերջին օրերուն, մի՛ մեղադրէք դուք ձեզ, այլ մխիթարութիւն մըն ալ ունեցէք, թէ յումպէտս չէք ծախսած: Ժլատ մի՛ ըլլաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ մոռնաք, որ գործէն, առօրեայ աշխատանքէն դուրս այլ պարտականութիւններ ալ ունիք: Անդրադարձէք թերի մնացած ձեր կատարելիքին: Օրը յուսատու է, արթուն եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ դրամական կորուստ մը ունեցած էք, ուժ տուէք ձեր յիշողութեան, հաշուի նստեցէք վերջին ամսուան մէջ ձեր կատարած ծախսերուն հետ եւ կը հասկնաք կորուստին պատճառը: Խնայասէր եղէք ներկայիս եւ միշտ:

