50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1964)
Պէյրութի Առաջին Օթոպիւսը Հասած Է Արդէն
Չորս Ամիս Ետք Հանրակառքերը
Պիտի Փոխարինուին Օթոպիւսներով
Երէկ` ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ լրագրողներ հրաւիրուած էին մայրաքաղաքին մէջ պտոյտ մը կատարելու այն օթոպիւսով, որուն նմանները յառաջիկայ աշնան պիտի յատկացուին երթեւեկի:
Պէյրութի համար ապսպրուած «Սաւիէմ-Շոսոն» օթոպիւսները ունին 28 նստելիք տեղեր եւ 65` ընդամէնը: Բայց խճողումի ժամերուն կրնան 85 – 100 ճամբորդ փոխադրել: Օթոպիւսին երկայնքն է 10 մեթր 19, լայնքը` 2 մեթր 50:
Ֆրանսական ընկերութիւնը Լիբանան ղրկած է երկու մասնագէտներ` վարորդները վարժեցնելու համար:
Ճամբորդը օթոպիւս պիտի ելլէ ետեւի դռնէն ու պիտի իջնէ առջեւի երկու դռներէն: Օթոպիւսը ունի երկու դասակարգեր, իրարմէ ժապաւէնով մը բաժնուած:
Հոկտեմբեր 22-էն սկսեալ ապսպրուած օթոպիւսները պիտի սկսին հասնիլ Պէյրութ: Ամիսը` յիսուն օթոպիւս: Առաջին 49 օթոպիւսները յանձնուած պիտի ըլլան 12 հոկտեմբերէն առաջ եւ պիտի գործածուին Այն Ռըմմանէ-Աղաւնիներու Քարայր գիծին վրայ: Երկրորդ մասը օթոպիւսներուն պիտի հասնի նոյեմբեր 30-էն առաջ, իսկ վերջինը` 31 դեկտեմբերէն առաջ:
Մայրերու Օրը Դամասկոսի Մէջ
ՍՕ Խաչի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութիւնը արժանավայել կերպով տօնակատարեց «Մայրերու օր»-ը, 10 մայիս 1964, կիրակի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայ կաթողիկէ «Ամենեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը:
Յայտագիրը կը ղեկավարէր վարչութեան քարտուղարը Նուարդ Տէր Յովհաննէսեանը:
Հանդէսը բացուեցաւ սուրիական, ՍՕ Խաչի եւ արծուիկներու քայլերգներով: Գործադրուեցաւ շատ գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Մեներգեցին Ալիս Շխրտըմեան` «Իմ այրող վշտից», Արաքսի Մաթոսեան` «Մայրիկս», եւ Միհրան Շիմշիրեան` «Թռչէի մտքով տուն» երգերը, հաղորդական ապրումով: Արտասանեցին Սառա Մաթոսեան, որ հարազատ ապրումով եւ գեղեցիկ առոգանութեամբ արտասանեց Արսէն Երկաթի «Մայրը», Պերճուհի Գոնեալեան` հայր Ա. Տէր Ղազարեանի «Մայրիկիս»-ը, Արաքսի Շիմշիրեան` Ս. Կապուտիկեանի «Մայրիկիս»-ը եւ փոքրիկն Նովա Տէր Յովհաննէսեան` «Ի՞նչ ընեմ, մայրիկ»-ը: Արաբերէն արտասանեց փոքրիկն Արփի Վարդանեան` «Ումմի»:
Մեծ յաջողութեամբ կատարուեցաւ հայկական պար մը` «Զաւարեան»-ի աշակերտներուն կողմէ, գլաններով մարզանք մը եւ արաբական պար մը` արծուիկներու կողմէ:
Անտրէ Կարապետեան դաշնակի վրայ իր կրկնակի ելոյթներով, աւելցուց հանդէսին գեղարուեստական փայլը:
Սառա Մաթոսեանի (վարչութեան փոխքարտուղարուհի) պատրաստութեամբ կատարուեցան երկու տպաւորիչ պատկերներ` արծուիկներու կատարողութեամբ: Առաջին պատկերն էր «Շաքէն, Սասնոյ դիւցազնուհին»: Տպաւորիչ կերպով ներկայացուց արծուիկ Արփի Տէր Մինասեանը: Երկրորդ պատկերն էր Դանիէլ Վարուժանի «Խաչբուռ` Աստուածամօր սեղանին»: Ներկայացուցին խումբ մը արծուիկներ: Պատկերին խորհուրդը կրկնապէս կ՛աւելնար Միհրան Շիմշիրեանի «Հոռովել» երգով, որուն կշռոյթին տակ, հայ գեղջկուհիները գիւղական իրենց գեղեցիկ տարազներով, նազանքով կը մտնէին հունձքի դաշտը: Գեղջկուհիներու երգին ու պարին կ՛ընկերանար փոքրիկն Պօղոս Ոսկերիչեան ձեռնադաշնակով:
Օրուան բանախօսն էր վարչութեան ատենապետ Մարի Պապիկեան: Ան գեղեցիկ եւ տպաւորիչ կերպով վեր առաւ մօր արժանիքները ընտանեկան ու ընկերային կեանքին մէջ եւ մանաւանդ ծանրացաւ հայ մօր արժանիքներուն, պարտականութեանց ու իրաւունքներուն վրայ: Մօտաւորապէս 45 վայրկեան տեւող այս շահեկան բանախօսութիւնը խոր տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ:
ԹՂԹԱԿԻՑ

