Թուային Ժամանակներու Մէջ. Կեանքի Անհրաժեշտ 10 Կարողութիւններ, Զորս Արհեստագիտութիւնը Խլած Է Մեզմէ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ԴԻՒՐԱՑՆԷ ԱՆԿԱՍԿԱԾ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆԻԿԱ ՆԱԵՒ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ` ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ: ԿԵԱՆՔԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՆԿԱՐԾ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԿԸ ՉՔԱՆԱՆ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ: ՀԱՐՑԸ ԱՅՆ Է, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ ԻՐԱՊԷՍ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԱՅՍ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ: TheJournal.ie ԿԱՅՔԸ ԿԸ ԹՈՒԷ ԿԵԱՆՔԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ 10 ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ, ԵՒ ԿՈՒ ՏԱՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼ, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ ԻՐԱՊԷՍ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԱՆՈՆՑ:

Ուղղագրութիւն

Ուղղագրութիւն սրբագրող եւ խօսք արձանագրող գործիքները պատճառ դարձած են, որ մարդիկ մոռնան ճիշդ գրելը, թէեւ կը թուի, թէ այս օրերուն առաւելաբար մայրերն են, որոնք իրենց ըսելիքը կ՛արձանագրեն բջիջային հեռաձայնով եւ զայն կը ղրկեն իրենց զաւակներուն:

Արդեօք իրապէս կարիքը ունի՞նք ճիշդ գրելու կարողութեան:

ԱՅՈ՛, բացի այն պարագայէն, երբ մարդիկ ընդունելի պատճառով դժուարութիւն ունին ճիշդ գրելու, բոլորս ալ ծոյլի տպաւորութիւն կը ստեղծենք, երբ չենք յաջողիր ճիշդ գրելու մակարդակը պահել:

Քարտէս Կարդալ

Վերջին անգամ ե՞րբ դիմած էք քարտէսագիրքի մը եւ փնտռած էք տեղ մը ուղղուելու լաւագոյն ճամբան: Վստահաբար շատոնց նման միջոցի չէք դիմած:

Ի վերջոյ ինչո՞ւ յոգնիլ, երբ կարելի է երկու վայրերու անունը արձանագրել բջիջային գործիքին մէջ եւ հրահանգել, որ ան գտնէ լաւագոյն ճամբան:

Արդեօք կարիքը ունի՞նք քարտէս կարդալու կարողութեան:

ԱՅՈ՛, որովհետեւ ի՞նչ պիտի ընենք, երբ մեր բջիջային հեռաձայնին բարդերը պարպուին կամ մեր ինքնաշարժով կորսուինք անտառներուն մէջ, մինչ ոճրագործ մը կը հետապնդէ մեզ: Աւելի լաւ է քարտէսին ապաւինիլ:

Ուղղութիւն Տալ

Կը կարծենք, թէ կը շարունակենք տիրապետել այս կարողութեան: Սակայն, յանկարծ մէկը կը հարցնէ ճամբու մը ուղղութիւնը, եւ կը շուարինք:

Մեր ուղեղը լեցուն է պաստառներու վրայ խճճուած Կուկըլի քարտէսներով, եւ յանկարծ կ՛անդրադառնանք, թէ նոյնիսկ չենք յիշեր, թէ ուրկէ՛ կու գանք: Եթէ քարտէսին վրայ չենք նշած այն վայրը, թէ ուրկէ կու գանք, չենք յաջողիր մտաբերել զայն:

Արդեօք կարիքը ունի՞նք այս կարողութեան:

Հաւանաբար… որովհետեւ պէտք է կարենանք օգնել իրարու: Սակայն ճշմարտութիւնը այն է, թէ շուտով մեր ձեռքի թուային գործիքները պիտի օժտուին բազմատեսակ քարտէսներու հասողութեամբ եւ ցոյց պիտի տան մեր գտնուած վայրը, ուր որ ալ գտնուինք:

Հեռաձայնել

985life2

Բացի եթէ ստիպուած ենք գործի համար հեռաձայնել, հաւանաբար հեռաձայնը կը գործածենք խօսելու համար միայն մեր մօր, կողակիցին կամ լաւագոյն բարեկամին հետ: Ինչո՞ւ հեռաձայն գործածել, երբ ամէն ինչ կարելի է կատարել համացանցի միջոցով:

Անշուշտ այս մէկը գործնական կը թուի, մինչեւ այն պահը, երբ կը ստիպուինք հեռաձայնով խօսիլ եւ անմիջապէս վախ մը կը համակէ մեզ:

Արդեօք կարիքը ունի՞նք այս կարողութեան:

ԱՅՈ՛, թէեւ գործնական է համացանցի միջոցով հարցեր լուծելու կարելիութիւնը, սակայն բնաւ գրաւիչ չէ այն անձը, որ չի կրնար հեռաձայնել` սեղան մը ապահովելու համար ճաշարանի մը մէջ:

Կեդրոնանալու Կարողութիւն

985life1

Գիտենք, թէ պատկերասփիւռ չենք կրնար դիտել` առանց միաժամանակ համակարգչային խաղ մը խաղալու, Ֆէյսպուքի մեր էջը ստուգելու կամ… մոռնալու, թէ ի՛նչ բանի մասին էր խօսքը:

Այլ խօսքով` կեդրոնանալու մեր կարողութիւնը քայքայուած է:

Արդեօք կարիքը ունի՞նք կեդրոնանալու կարողութեան:

ԱՅՈ՛, սակայն արդեօք երբեւիցէ պիտի կարենա՞նք կեդրոնանալ: Թերեւս արդէն շատ ուշ է` վերականգնելու այս կարողութիւնը:

Ճշդապահութիւն

Իրապէ՛ս կորսնցուցած ենք ժամանակի մեր հասկացողութիւնը, երբ այժմ կրնանք մեր բջիջային հեռաձայնով երկտող մը ուղարկել վերջին վայրկեանին` տեղեկացնելու համար, թէ պիտի ուշանանք:

Յանկարծ սխալ չի թուիր կէս ժամ առաջ մէկուն ըսելը, թէ պիտի չկարենանք յարգել նախապէս որոշուած մեր ժամադրութիւնը:

Արդեօք կարիքը ունի՞նք ճշդապահ ըլլալու կարողութեան:

ԱՅՈ՛, ուշանալը բնաւ դրական երեւոյթ մը չէ:

Հեռաձայնի Թիւ Մը Խնդրել

Կար ժամանակ, երբ վիպերգական որոշ զգացումներ տածէինք մէկուն նկատմամբ, կը խնդրէինք անոր հեռաձայնի թիւը, այլապէս հաւանական էր, որ անգամ մը եւս չհանդիպէինք անոր:

Այժմ երկու վայրկեանի մէջ կարելի է գտնել որեւէ Ֆէյսպուքի վրայ, Թուիթըրի կամ Ինսթակրամի:

Արդեօք կարիքը ունի՞նք այս կարողութեան:

Հաւանաբար ո՛չ, համացանցի տուեալ միջոցները կ՛օգնեն, որ աւելի լաւ ճանչնանք անձերը, նախքան որեւէ քայլի դիմելը:

Ոչինչ Ընել

985life3

Վերջին անգամ ե՞րբ էր, որ պասի մը պատուհանէն դուրս դիտած ենք կամ կարգի սպասած ենք անշարժ: Կարելի է գրաւի գալ, թէ չենք յիշեր:

Արդեօք կարիքը ունի՞նք ոչինչ ընելու կարողութեան:

Պատասխանը յարաբերական է: Ամէն ոք մերթ ընդ մերթ կարիքը ունի խաղաղութեան, սակայն ոմանք խաղաղութիւն կը գտնեն համացանցի վրայ տեղ մը:

Ծրագիրներու Կառչիլ

Կար ժամանակ, երբ այլոց հետ ծրագիր մը մշակէինք, պէտք էր ներկայանայինք եւ մաս կազմէինք, այլապէս շատ անյարմար վիճակի կը մատնուէր մեզ սպասող անձը:

Այսօր ծրագիր մը կարելի է ջնջել անոր ճշդուած ժամէն քսան վայրկեան առաջ, պարզապէս բջիջային հեռաձայնով երկտող մը ուղարկելով: Իսկ եթէ երկտողը ստացող անձը զայրանայ, նոյնիսկ պարտաւոր չենք զգար հարցը լուծելու, որովհետեւ շատ հաւանաբար արդէն մոռցած պիտի ըլլանք ամբողջ պատահարը, երբ օր մը դարձեալ հանդիպինք անոր:

Արդեօք կարիքը ունի՞նք ծրագիրներու կառչելու կարողութեան:

ԱՅՈ՛, բացի եթէ իրապէս լուրջ պատճառ մը կայ զանոնք ջնջելու:

Նամակագրութիւն

Ո՞վ կարիքը ունի այժմ արդէն աւելորդ, ժամանակ խլող եւ սուղ (դրոշմաթուղթերը աժան չեն այսօր) նամակագրութեան, երբ կարելի է մէկ վայրկեանէն ե-նամակ մը ղրկել ձրի:

Արդեօք կարիքը ունի՞նք նամակ գրելու կարողութեան:

Ո՛Չ, սակայն դժուար է հրաժարիլ մեր նամակատուփին մէջ ինկած գեղեցիկ նամակ մը կարդալու հաճոյքէն:

Share this Article
CATEGORIES