Թուային Ժամանակներու Մէջ. Երբ Խելացութիւնը Կ՛առաջնորդէ Անճարակութեան

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985tech1ԱՐԴԵՕՔ ՉԱՓԷՆ ԱՒԵԼԻ՞ Կ՛ԱՊԱՒԻՆԻՆՔ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ: Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՀԻ, ԵԹԷ ՅԱՆԿԱՐԾ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԽԼՈՒԻՆ ՄԵԶՄԷ: ԹՈՄ ՉԵԹՖԻԼՏ ՆՄԱՆ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ԱՊԱՒԻՆԻԼԸ ԿՐՆԱՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ «ՅԻՄԱՐՈՒԹԵԱՆ», ԱՅՍԻՆՔՆ` ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԻՆ:

Կուկըլի «արհեստագիտութեան գլխաւոր ջատագով» Մայքըլ Ճոնզ վերջերս կատարեց զարմանալիօրէն յանդուգն յայտարարութիւն մը:

«Այսօր մարդիկ իրողապէս 20 կէտ աւելի բարձր նիշ կ՛արձանագրեն խելացութեան մակարդակը չափող քննութիւններու մէջ, շնորհիւ Կուկըլի փնտռող գործիքին եւ քարտէսներուն,- ըսաւ ան «Տի Աթլանթիք» թերթին:- Անոնք չեն յայտարարեր, թէ այս մէկը կը պարտին Կուկըլի: Հարց չէ: Կարեւորը այն է, թէ անոնք աւելի խելացի են, որովհետեւ կրնան ապաւինիլ այս գործիքներուն»:

Ճոնզ ոեւէ անձէ աւելի կրնայ արդարացնել նման հաստատում մը, որովհետեւ ան «ուղեղներէն» մէկն է   Կուկըլի քարտէսներուն, որոնց վերջին նորութիւնը Հիւսիսային Քորէայի ցարդ ամէնէն մանրամասն տարբերակներն են: Ան կը վիճի, թէ արհեստագիտական գործիքներու շնորհիւ «մարդոց ուղեղը համակուած է տեսակ մը յաւելեալ խելացութեամբ», եւ թէ` այս խելացութիւնը այնքա՛ն աննկատ կերպով կը փոխանցուի, որ շատեր չեն անդրադառնար, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, երբ սխալ բան մը կը պատահի: Իսկ երբ սխալ բան մը պատահի, անոնք կը զգան, թէ` «իրենց ուղեղին մէկ հինգերորդը կորսնցուցած են»:

«Խելացի» բառը մերօրեայ ժամանակներու բնորոշ բառն է: Երբ 1997-ին յայտնուեցաւ աշխարհի առաջին «խելացի հեռաձայնը», որ արտադրութիւնն էր շուէտական «Էրիքսըն» ընկերութեան, այս անունը մտածուած կերպով ընտրուած էր` նշելու համար եղափոխական ոստում մը` դէպի առաջ. այսինքն հեռաձայնային կապ հաստատող կրաւորական գործիք մը կը վերածուէր փոխգործօն (ինթըրաքթիւ) գործիքի մը, որ պիտի ծառայէր ոչ միայն իբրեւ «հեռաձայնի տետրակ, օրացոյց եւ նոթատետր», ինչպէս արձանագրուած էր այս գործիքին ծրարին վրայ, այլ նաեւ` իբրեւ «ձայն արձանագրող, ե-նամակ եւ երկտողեր ուղարկող եւ համացանցի հետ կապ հաստատող» հրաշք գործիք մը` մեր գրպանին մէջ:

Այսօր, ինչպէս Ճոնզի բանաձեւումը մտածել կու տայ, «խելացութիւնը» կատարելագործումի յատուկ մակարդակ մըն է, որ մեր առօրեայ կեանքին մէջ կը յայտնուի մեքենաներու ճամբով, կատարելագործուած այն գործիքներուն, որոնք անզգալաբար կը նպաստեն մտածելու եւ գործելու մեր կարողութեան, եւ այնպէս կը զգանք, թէ մե՛նք է, որ խելացի կը դառնանք: Խելացութեան մակարդակը չափող քննութիւններու մէջ 20 կէտ աւելի բարձր նիշ արձանագրելը, որ արդիւնք է Կուկըլի փնտռող գործիքին եւ քարտէսներուն, տակաւին միայն սկիզբն է խելացութեան նուաճումին: Խելացի ինքնաշարժներու պիտի յաջորդեն խելացի քաղաքներ, խելացի ակնոցներ եւ խելացի սառնարաններ: Կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ արդիւնաբերուած աշխարհի իւրաքանչիւր երեսը շուտով պիտի ունենայ իրեն յատուկ խելացութեան հզօր եւ խիստ գործնական մեքենան:

«Հակադիւրաբեկ» Արարածներ

Արհեստագիտութեան ջատագովներու դիտանկիւնէն, այս բոլորին ներգործութիւնը դրական է: Աւելի խելացի գործիքներ կ՛երաշխաւորեն աւելի խելացի մարդոց եւ աւելի խելացի վարուելակերպերու յայտնութիւնը, հետեւաբար կը նուազին ձախաւերութեան պահերը, երբ կը կորսուինք, ինքնաշարժի արկածի կ՛ենթարկուինք կամ յանկարծ կը նկատենք, թէ տան մէջ ուտելիքը սպառած է: Սակայն ուրիշներու համար «խելացի» բառը վտանգաւոր իմաստ ունի եւ կը պատճառէ մասնայատուկ այն վախը, թէ խելացի աշխարհ մը ստեղծելը հաւանաբար չափազանց անմիտ ծրագիր մըն է:

Ամէն տարի «Էճ» թերթը հարցում մը կ՛ուղղէ աշխարհի ամէնէն խելացի կարգ մը անձերուն: 2013¬ի անոր հարցումներու շարքին էր հետեւեալ զուարթախոհ հարցումը. «Ի՞նչ բանի համար պէտք է մտահոգուինք»: Արհեստագիտութեան դէմ վիճարկող գրագէտ Եւկենի Մորոժովի համաձայն, լաւագոյն պատասխանը նոյնինքն «խելացութիւնն» էր:

«Այսօրուան այս հրաշալի խելացութիւնը օր մը մեր միջավայրը պիտի վերածէ կերպընկալի նման ձեւաւորուող եւ համակարգիչի նման ծրագրուող բանի մը,- կը վիճէր Մորոժով:- Նաեւ փորձութեան պիտի մատնուինք մեր յարաբերութիւններէն, ընկերային կառոյցներէն եւ քաղաքականութենէն բոլոր տեսակի թերութիւնները ջնջելու փորձութեան, պարզապէս, որովհետեւ կրնանք մեր ձեւագծումներով ջնջել զանոնք: Եթէ հարցերը կարելի է լուծել համակարգիչի խաղի մը ճամբով, ապա ինչո՞ւ հարցեր լուծելու համար հետեւիլ նուազ արդիւնաւէտ` բարոյական տրամաբանութեան ուղիին»:

Մորոժով կը մերժէ այն հաստատումը, թէ խելացի գործիքները ինքնաբերաբար կը ստեղծեն «յաւելեալ խելացի» անձեր: Փոխարէնը` ան կը նշէ, թէ յատուկ տգիտութիւն մը կայ այն ենթադրութեան մէջ, թէ` պէտք է անհետացնել «թերութիւնները», եւ կ՛աւելցնէ, թէ «թերութիւնները» կենսականօրէն մաս կը կազմեն մեր ճկունութեան, ստեղծագործականութեան եւ բարոյական պատասխանատուութեան: «Արհեստագիտական մեր գործիքներուն հրաշալի կարողութեամբ կուրցած` կրնանք անգիտանալ, թէ կարգ մը հարցեր եւ թերութիւններ պարզապէս բնական գինն են, զորս կը վճարենք` ընկերային միջավայրի մէջ այլոց հետ ապրելու, անոնց հետ արժանավայել ձեւով վարուելու համար, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու, որ փոփոխութեան դռները չփակուին` կատարեալ մարդկային ընկերութեան մը հասնելու մեր նպատակին մէջ», կ՛եզրափակէ ան:

Այս առումով` Մորոժովի քննադատութիւնը կը համընկնի ժամանակակից յատկանշական այլ բառի մը` «դիւրաբեկութեան» հետ: Ինչպէս «Պլեք սուոն» գիրքի հեղինակ Նասիմ Նիքոլաս Թալեպ կը բացատրէ 2012-ին հրատարակուած իր «Անթայֆրըճայլ» (հակադիւրաբեկ) գիրքին մէջ, «դիւրաբեկ» համակարգ մը շատ դիւրութեամբ փուլ կու գայ անսպասելի ցնցումներու եւ օրինական խախտումներու ժամանակ: Դրամական համաշխարհային կարգը նման դրութիւն մըն էր, որ աղէտի մատնուեցաւ 2008-ին, երբ անել կացութիւն մը ստեղծուեցաւ վտանգի թիւր հասկացողութեան եւ դրամական կուտակուող պարտքերու ալիքին պատճառով:

Ի տարբերութիւն` «հակադիւրաբեկութիւնը» կը բնորոշէ այնպիսի համակարգ մը, որ կրնայ ծաղկիլ անորոշութեան մէջ եւ չի քայքայուիր, երբ ստեղծուին պայմաններ, զորս զայն ձեւագծողները չեն նախատեսած: Թալեպի համաձայն, մարդը բնազդաբար «հակադիւրաբեկ» արարած մըն է: Մարդկային մեր գլխաւոր յատկանիշները, ինչպէս` ստեղծագործականութիւն եւ գութ, ծնունդ կ՛առնեն հոգեկան լարուածութեան, խառնակութեան եւ անորոշութեան մէջ եւ կը բթանան` ծայր աստիճան հանգստութեան եւ հետեւանքներէ անջատումի վիճակներու մէջ:

Թալեպի համաձայն, եթէ մարդը պիտի զարգանայ, ապա պէտք է ապրի անակնկալի, ձախողութեան եւ յուսախաբութեան փորձառութիւնը եւ ոչ թէ խաբուի` մտածելով, թէ ուրիշներ բոլոր հետեւանքները արդէն նախատեսած են մեզի համար: Ան այս մօտեցումը կը նկատէ «արդիականութեան ողբերգութիւնը, ինչ որ կը տեսնենք խելայեղօրէն իրենց զաւակները պաշտպանող ծնողներու քով, եւ անոնք է, որ ամէնէն աւելի աւեր կը գործեն»:

Աւերը կը գործուի ոչ միայն անձի մը կազմաւորումին մէջ: «Խելացի» արհեստագիտութիւններու հիմնական հակասութիւնը այն է, թէ անոնց ուժը յաճախ իր մէջ կը պարունակէ նաեւ աննախադէպ խոցելիութիւն մը: Որքան աւելի բարդ համաշխարհային ենթակառոյցի մը կարիքը զգացուի` պահպանելու համար մեր կեանքին անհրաժեշտ հիմնական գործիքներն ու սպասարկութիւնները, նոյնքան աւելի խոցելի կը դառնայ մեր կեանքը անսպասելի աղէտներու դիմաց, ինչպէս` ելեկտրական համակարգի փճացում կամ քաղաքացիական խռովութիւններ, իսկ մենք շատ աւելի խոցելի կը դառնանք այս բոլորին դիմաց:

Այսուհանդերձ, կարելի չէ ժխտել Կուկըլի քարտէսներուն գործնականութիւնը կամ Հարաւային Տաքոթային մինչեւ Հիւսիսային Քորէա տեղէ տեղ «ճամբորդելու» հաճոյքը` Կուկըլ Ըրթի նման սպասարկութիւններու միջոցով: Նոյնիսկ քանի մը տասնամեակ առաջ աներեւակայելի արհեստագիտական միջոցներ այժմ ամփոփուած են միլիոնաւոր ափերու մէջ, որոնք երախտապարտօրէն կը սեղմեն իրենց «խելացի» գործիքները: Հարցը այն է, թէ այս ձեռքերը ուրիշ ի՛նչ կ՛ընեն կամ չեն ըներ, եւ թէ` իւրաքանչիւր խելացի գործիքի բարիքին համար ի՛նչ գին կը վճարուի այլ տեղ:

Ինչպէս դրամական աշխարհին մէջ, նոյնպէս ալ` արհեստագիտութեան մէջ, եթէ թուային ճակատները փուլ քան, նոյնիսկ` ժամանակաւոր կերպով, ամէնէն աւելի «յիմար» վիճակի մէջ պիտի գտնուին անոնք, որոնք իրենց կեանքը մեծ ուրախութեամբ յանձնած են «խելացի գործիքներուն»: Այսուհանդերձ, բոլորս հակամէտ ենք ոչ քննադատական մօտեցում մը զարգացնելու «խելացի գործիքներով» ապրուած կեանքի մը նկատմամբ, գործիքներով հիւսուած ընկերային կեանքի մը, որ օր մը կոճակի մը սեղմումով կամ ելեկտրական թելի մը անջատումով կրնայ ամբողջութեամբ քայքայուիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES