Այս Անկիւնէն. Ծրագրում (Ա.)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ 

«Ծրագրէ՛ գործդ, գործէ՛ ծրագիրդ»:

Տարիներ առաջ էր, վաղ երիտասարդութեանս օրերուն, երբ ժապաւէնի մը մէջ, եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ` հնդկակա՛ն ժապաւէնի մը մէջ, ու միշտ եթէ չեմ սխալիր` Կանտիի կեանքին նուիրուած, հանդիպեցայ այդ ասոյթին կամ կարգախօսին անգլերէնով` «Plan your work, work your plan»: Մեծ տպաւորութիւն գործեց վրաս այդ վեց (հայերէնով` չորս) բառերէ կազմուած նախադասութիւնը, որ իր հրամայական եղանակով կարծես պարտաւորիչ հանգամանք մը կը ստանար:

Եւ եթէ ատիկա շատ իմաստալից, իրապէս կենսական խորհուրդ մըն է, որ կրնայ տրուիլ ոեւէ անհատի` իր կեանքը կարգաւորելու, եթէ ոչ նաեւ` իմաստաւորելու համար, որքա՜ն աւելի կարեւոր է, որ ան դառնայ իւրաքանչիւր հաւաքականութեան գործելակերպը` ըլլա՛յ կարճաժամկէտ, ըլլա՛յ երկարաժամկէտ առումով: Ի զուր չէ, որ պետական մարմիններ, կուսակցութիւններ, միութիւններ թէ այլ կազմակերպական կառոյցներ կ՛ունենան իրենց ընդհանուր ծրագիրը, որ կը սահմանէ իրենց նպատակն ու նպատակակէտերը, եւ կ՛օժտուին նաեւ իրենց աշխատանքային ծրագրով, որ կը բնութագրէ իրենց ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը` համաձայն տուեալ պայմաններուն: Առաջինը` ընդհանուր ծրագիրը ի զօրու կը մնայ աւելի երկար ժամանակի համար` մերթ ընդ մերթ բարեփոխուելով, նոյնիսկ փոխուելով հանդերձ, մինչ երկրորդը` աշխատանքային ծրագիրը տեւաբար կը վերանայուի ու կը պատշաճի օրուան հրամայականներուն:

Եթէ այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ փորձենք զետեղել մեր ազգային կառոյցները, պիտի անդրադառնանք, անշուշտ, որ առնուազն երեւութապէս յարգուած է ծրագրումի այս անհրաժեշտութիւնը, ու ըլլա՛յ հայրենի պետութիւնը, ըլլա՛յ մեր կազմակերպութիւնները ունին իրենց սահմանադրութիւնն ու կանոնադրութիւնները կամ կանոնագրերը, ընդհանուր ծրագրերն ու աշխատանքային ծրագրերը, ու այս վերջինները կը վերանայուին ընտրաշրջանէ ընտրաշրջան, տարեկան, երկամեայ, քառամեայ կամ հնգամեայ դրութեամբ: Օրինակ, Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ինչ կը վերաբերի կառավարման համակարգին, վերանայման գործընթացի մը մէջ է ներկայիս:

Սակայն երկրի մը, համայնքի մը կամ կազմակերպութեան մը կեանքը կ՛երկարի շատ աւելի երկար ժամանակաշրջաններու վրայ` դարերու, հարիւրամեակներու կամ տասնամեակներու, եւ առանց նկատի առնելու այդ երկարաժամկէտ նպատակներն ու նպատակակէտերը, անոնք` երկիր, համայնք թէ կազմակերպութիւն չեն կրնար ճիշդ կողմնորոշուիլ իրենց գործունէութիւնը ծրագրելու համար: Կրնան թերեւս կարճաժամկէտ նպատակակէտեր դնել իրենց առջեւ ու փորձել հասնիլ անոնց, իրագործել զանոնք, բայց ատիկա կրնայ ըլլալ շատ պատեհապաշտ մօտեցումով` ընտրութիւն մը շահելու եւ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը պահելու, վարկ մը ապահովելու կամ նման երկրորդական դրդապատճառներով, կամ ալ օրուան պարտադրած սահմանափակումներուն ենթարկուելով, սակայն ոչ` իրենց գերագոյն նպատակին հասնելու լարումով:

Այստեղ է, որ խիստ կարեւոր կը դառնայ կարճաժամկէտ նպատակն ու նպատակակէտերը  համադրել երկարաժամկէտ նպատակին ու նպատակակէտերուն հետ, զանոնք առնչել իրարու, եւ ուշադիր ըլլալ, որ առաջինները առաջնորդեն երկրորդներուն, որպէսզի յստակացուի, թէ ո՛ւր կ՛երթանք: Այլապէս բաց ծովերուն մէջ կողմնացոյցը կորսնցուցած նաւու կը նմանինք:

***

Սոյն յօդուածաշարքով պիտի փորձեմ առաւելաբար կեդրոնանալ զուտ տեղական` համայնքային ծրագրումի մակարդակին վրայ` միշտ ի մտի ունենալով սակայն այն իրողութիւնը, որ տեղականը մաս կը կազմէ շրջանայինին, ու անոր միջոցով ալ` ընդհանուրին, այսինքն` ազգայինին, ու կարելի չէ որեւէ ծրագիր մշակել, որեւէ մակարդակի վրայ, առանց նկատի առնելու միւս մակարդակներու պահանջներն ու կարիքները, առանց գիտակցելու, որ իւրաքանչիւրը` վերինը, միջինը կամ ստորինը կախում ունի միւսներէն, սերտօրէն առնչուած է անոնց, ո՛ր մակարդակին վրայ ալ որ ըլլայ: Այս պատճառով ալ նախ արագ պիտի անդրադառնամ վերին` ազգային կամ համահայկական երկարաժամկէտ նպատակներուն ու նպատակակէտերուն, ապա, նոյն տարողութեամբ` շրջանայինի կամ գերշրջանայինի պարագային, ու անկէ ետք միայն պիտի գամ տեղական` մեզի աւելի մօտ ու մատչելի, մե՛ր հասողութեան  ենթակայ գործունէութեան:

Արդ, որո՞նք են մեր ազգային գերագոյն նպատակներն ու անոնց իրականացման առջեւ դրուած գերխնդիրները:

Մեծ եղեռնի հարիւրամեակի սեմին, 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակի կէսին, իր ապագայ կենսակերպը տակաւին չգտած մարդկութեան մէջ ու անհաւասարութիւններու եւ անարդարութիւններու համատարած առկայութեան` գտնել կամ վերագտնել մեր արդար ու իրաւ տեղը աշխարհի բոլոր միւս ժողովուրդներու կողքին ու շարունակել մաս կազմել քաղաքակրթութեան գործընթացին: Տէր կանգնիլ մեր ինքնութեան ու ժառանգութեան, մեր բաժինը բերել այդ ժառանգութեան հարստացման, տարածման: Ահա՛ ազգային գերնպատակը:

Կայ իրականութիւն մը. ունինք արդէն մօտ քառորդ դարու անկախ պետական զոյգ կառոյցներ` ՀՀ եւ ԼՂՀ, որոնց հզօրացումն ու անվտանգ պահպանումը ազգին առաջին գերխնդիրը կը հանդիսանայ: Այդ հզօրացումը կ՛ենթադրէ քաղաքական, տնտեսական մշակութային գործօններ ու կապեր` միջազգային առումով: Կ՛ենթադրէ համազգային համախմբում` այդ նպատակակէտերը իրագործելու համար: Կ՛ենթադրէ մանաւանդ ազգային կրթութիւն հայրենիքէն ներս թէ դուրս` ատոր գիտակցումը ամրապնդելու համար:

Սակայն կայ նաեւ իրականութեան այլ երես մը, որ նոյնքան հրատապ է. այդ ալ հայկական վտանգուած գաղթօճախներու պաշտպանութիւնն է, հայութեան անվտանգութեան ապահովումը, ի հարկին ալ` վերաբնակեցումը:

Կայ նաեւ երրորդ երեսը այս պատկերին, որ արտագաղթող հայութեան իրավիճակն է` արտերկրի տարածքին:

Ինչ կը վերաբերի շրջանային (օրինակ` քանատական) կամ գերշրջանային (օրինակ` հիւսիսամերիկեան) մակարդակին, որ միջին մակարդակն է ազգային-համահայկականին ու տեղականին միջեւ, այստեղ գլխաւոր գերխնդիրը կը հանդիսանայ շրջանի համայնքներու գործունէութիւնը համադրել այնպէս, որ անոնք իրենց ամբողջական ներդրումը կարենան ունենալ ազգային նպատակներու իրագործման մէջ: Ասիկա կ՛ենթադրէ ոչ միայն այդ համայնքներու կենսունակութեան պահպանումը, այլեւ` վերեւի իրականութիւններուն համապատասխան զարգացումը, նոր համայնքներու կազմութիւնը: Կ՛ենթադրէ գործակցութեան կապերու հաստատումը համայնքէ համայնք` ըլլա՛յ ներշրջանային առումով, ըլլայ միջշրջանային առումով, սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք: Կ՛ենթադրէ նաեւ պետական կառոյցներու թէ տեղացի բնակչութեան հետ առնչութիւններու զարգացումը. խօսքս հայաբնակ երկիրներու պետութիւններուն ու ժողովուրդներուն մասին է:

Այս ամէնը ինչպէ՞ս կը դրսեւորուին տեղական մակարդակի վրայ ու կ՛ազդեն ծրագրումի մեր պահանջներուն վրայ: Կը մանրամասնենք յաջորդիւ:

Share this Article
CATEGORIES