ՀՄԸՄ Լիբանանի Գայլիկ-Արծուիկ Ճիւղերու «Գարնանային Խաղերու Օր»
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած գայլիկ-արծուիկ ճիւղերու «Գարնանային խաղերու օրը» տեղի ունեցաւ կիրակի, 11 մայիս 2014-ին:
Միացեալ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 210 գայլիկ-արծուիկներ` ներկայացնելով ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ` վոհմակ-երամներու խմբապետական կազմերն ու նախկին աքելլաներ (նախկին գայլիկ-արծուիկ խմբապետներ):
Սոյն յայտագրին նպատակն էր ստեղծել ընկերային մթնոլորտ մը` համախմբելով ՀՄԸՄ Լիբանանի ընտանիքի մասնաճիւղերու բոլոր գայլիկ վոհմակներու եւ արծուիկ երամներու անդամները, զարգացնել անոնց մօտ վեցեակային դրութիւնը, ինչպէս նաեւ` պատասխանատուները մարզել, որպէսզի անոնք կարենան տարբեր մասնաճիւղերու անդամներու հետ աշխատիլ` փոխանցելով զանազան գիտելիքներ հաճելի եւ հետաքրքրական ձեւերով:
Օգտուելով գարնանային պայծառ եւ հաճելի օրերէն` առաւօտեան ժամը 8:30-ին գայլիկներն ու արծուիկները հաւաքուեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի բացօթեայ ընդարձակ խաղավայրին մէջ, նոր միջմասնաճիւղային վեցեակներու բաժնուելէ ետք, ուր ամէն վեցեակի համար նշանակուեցաւ նոր պատասխանատու մը, ապա խումբերը սկսան առաջին հանգրուանի խաղերը խաղալու: Խաղերու պատասխանատուներն էին նախկին եւ ներկայ աքելլաներու կազմը:
Առաջին հանգրուանի 12 խաղերը կ’ընդգրկէին չարքաշ, մարզական, նշանառութեան եւ ջուրով խաղեր. վեցեակի բոլոր անդամները պէտք էր մասնակցէին այս խաղերուն, որպէսզի վեցեակը ստանար այդ խաղի յատուկ ամբողջացման նշանը:
Առաջին հանգրուանի խաղերը ամբողջացնելէ ետք գայլիկ-արծուիկները առին ճաշի դադար: Ճաշելէ եւ հանգստանալէ ետք անոնք սկսան խաղալու Բ. հանգրուանի 12 խաղերը, որոնք կ’ընդգրկէին վեցեակային մտային եւ դաստիարակչական խաղեր:
Յայտագիրը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին: Բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ յայտագիրին մասնակցութեան յատուկ յուշանուէրը: Բոլոր գայլիկներն ու արծուիկները շատ ուրախ եւ հաճելի յիշատակներով վերադարձան իրենց ակումբները:

