«Ա. Աշճեան» Կեդրոնին Մէջ. «Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն Դէպի Ամբողջական Հայաստան» Նիւթով Միօրեայ Աշակերտական Սեմինար
Կիրակի, 18 մայիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած «Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն դէպի ամբողջական Հայաստան» նիւթով միօրեայ սեմինարին` ներկայութեամբ հայկական տասը վարժարաններու եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններէն 45 աշակերտներու:
Մասնակից վարժարաններն էին.-
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
Ազգ. «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարան
Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ
Թէքէեան վարժարան
Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
Հայ աւետ. Թորոսեան վարժարան
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարան, Այնճար
Ծանօթացման կարճ հանդիպումէ ետք մասնակիցները դիտեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած տեսերիզը ու ծանօթացան անոր հիմնադրութեան հանգրուանին:
Սեմինարի առաջին զեկուցաբերն էր «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, որ «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան hամազգային արժէքը» նիւթին ընդմէջէն շեշտը դրաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ունեցած վճռորոշ դերին վրայ` որպէս ներկայի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաքար: Ան հաստատեց, որ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերով հայ ժողովուրդը կրցած է դուրս գալ ստրկութենէ եւ ունենալ անկախ պետութիւն, դրօշ ու զինանշան եւ փոխանցել զանոնք Հայաստանի վերանկախացած այժմու հանրապետութեան:
Զեկուցումի աւարտին առիթը տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ «Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն մինչեւ այսօր Հայ դատի պահանջատիրական երթը» նիւթը ներկայացուց զրոյցի մը ընդմէջէն` աշակերտները ծանօթացնելով Հայ դատի բաղկացուցիչ մասերուն, հանգամանօրէն բացատրելով «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան» հասկացողութեան մէջ ընդգրկուած տարածաշրջանները, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու միջոցներն ու նպատակը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի այժմու հանրապետութեան ունեցած կարեւոր դերին` պետականօրէն հետապնդելու Հայ դատի աշխատանքները:
Դասախօսը իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, թէ հայկական վարժարանները, հայոց լեզուն ու պատմութիւնը ուժ կու տան Հայ դատին, եւ հայ աշակերտը պարտի այդ գիտակցութեամբ մօտենալ այդ դասանիւթերուն:
Ճաշի դադարէն ետք աշակերտները բաժնուեցան հինգ աշխատանքային խումբերու եւ ուսումնասիրութիւններ ու առաջարկներ կատարեցին հետեւեալ նիւթերուն շուրջ.-
ա.- Հայ պատանիին դերը հակաթուրք պայքարին մէջ:
բ.- Հայ պատանիին դերը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ:
գ.- Հայ պատանիին ինչպէ՞ս կրնայ համացանցը օգտագործելով` Հայ դատը ծանօթացնել աշխարհին:
դ.- Հայ պատանին պէ՞տք է զրուցէ թուրք պատանիին հետ. ինչի՞ մասին եւ ինչպէ՞ս:
ե.- Պատրաստել Հայ դատի կայք մը` իր բովանդակութեան գլխաւոր վերնագիրներով:
Ապա անոնք իրենց զեկուցումները ներկայացուցին մնացեալ աշակերտներուն:
Երրորդ զեկուցաբերն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` «Անկախութեան արժէքը եւ անոր պահպանման մէջ աշակերտին դերը» նիւթով:
Վեր. Հայտոսթեան շեշտեց, թէ հայ աշակերտը իր պահանջատիրութեան ընթացքին պէտք չէ շփոթի մատնուի եւ հաստատ մնայ իր գաղափարներուն ու կեցուածքներուն վրայ: Հայկազեան համալսարանի նախագահը ըսաւ, որ դատ մը չի մեռնիր, այնքան ատեն որ դատը հետապնդողները չեն քնացած ու արթուն եւ կազմակերպուած վիճակի մէջ կը կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքը:
Այս շրջագիծին մէջ զեկուցաբերը հաստատեց, որ նշեալ սեմինարը իրողապէս կը ծառայէ վերոնշեալ նպատակին:
Սեմինարի աւարտին իւրաքանչիւր մասնակից աշակերտ ստացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կողմէ պատրաստուած բանալիի կախիչ մը, իսկ իւրաքանչիւր մասնակից դպրոց` «Դաշնակցական պատանիին գիրքը» հրատարակութեան զոյգ հատորները:
Սեմինարը փակուեցաւ ժամը 5:00-ին:
Գնահատելի երեւոյթ էր, որ հայկական վարժարանները մասնակցեցան նշեալ շահեկան նախաձեռնութեան, որուն միջոցով հայ աշակերտը աւելի եւս ծանօթացաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման եւ Հայ դատի պահանջատիրական ուղիին:

