Ռիպերի. «Ասիկա Պիտի Ըլլայ Իմ Վերջին Մոնտիալս»
Պայէրն Միւնիխի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի «Էր. Թէ. Էլ.»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութիւնը իրեն համար պիտի ըլլայ իր վերջին Մոնտիալը:
31 տարեկան Ռիպերի, որ մասնակցած է 2006-ի եւ 2010-ի Մոնտիալներուն, ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի իր խումբին հետ հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան:
Նշենք որ 12 յունիսէն 13 յուլիս տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին Ֆրանսայի` Ե. խմբակին մաս կը կազմեն Հոնտիւրաս, Էքուատոր եւ Զուիցերիա:
CATEGORIES Մարզական