Պենզեմայի Փոխարէն Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Գնել Ակուերոն Կամ Սուարեսը
Այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ ձերբազատիլ իր ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայէն, որովհետեւ պատրաստ չէ անոր համար գանձել 49 միլիոն եւրօ, անշուշտ եթէ այդպիսի առաջարկ մը ստանայ, կը յայտնէ Goal.com:
Նշեալ լուրը մէջբերելով ArmSport.am կ՛աւելցնէ, որ Քարլօ Անչելոթթիի կազմը` Ռէալ Մատրիտ, ամրան ընթացքին ոչ մէկ ճիգ ի գործ պիտի դնէ իր կազմին միացնելու կա՛մ Լիվըրփուլի յառաջապահ Լուիս Սուարեսը, կա՛մ ալ Սերճիօ Ակուերոն (Մանչեսթըր Սիթի):
Ներկայիս արքայական ակումբին մաս կազմող Պենզեմայով հետաքրքրուած է լոնտոնեան Արսենալը:
CATEGORIES Մարզական

