Պասքեթպոլ. 3×3 Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Մաս Կազմեց Ա. Խմբակին

ՖԻՊԱ-ին հրապարակած Եւրոպայի 3×3 պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հունգարիան, Լեհաստանը, Լաթվիան, Սպանիան, Զուիցերիան, Սլովաքիան, Ուքրանիան, Իսրայէլը եւ Պելճիքան:

Ա. խմբակին զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան Հունգարիոյ մէջ` 12-13 յուլիսին:

3×3 պասքեթպոլի Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցող 32 երկիրները բաժնուած են երեք խմբակի:

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը իր տուած այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 5-7 սեպտեմբերին` Ռումանիոյ մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES