«Համազգայինը Դասական Դպրոց Չէ, Այլ Ամէն Ոճի Ներկայացուցիչը Պէտք Է Ըլլայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Տէր Ղուկասեան

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.

DSC09403Այսօր` 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի սկսին  «Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղի ներկայացումները:  Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց թատերախաղի բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Լեւոն Ակոբեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Երեք տարիէ ի վեր կ՛աշխատիք Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին  հետ` որպէս բեմադրիչ: Այս տարուան թատերախաղին նիւթը արդեօք կը տարբերի՞ նախորդներէն («Զանզալախդ» եւ «Ճաղատ Սոփրանօ»), թէ՞ զուգահեռ կ՛ընթանայ ոճային առումով: Կարելի՞ է ըսել, թէ նոր ոստում մըն է ասիկա Համազգայինի թատրոնի իրականութեան մէջ:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Այս տարուան թատերական ներկայացման նիւթը բոլորովին տարբեր է նախորդներէն, որոնք աւելի անհեթեթի ոճին կը պատկանէին, ասիկա շատ աւելի յստակ է:  Ուրեմն նկատի առած եմ Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւնը», որ ինքնին ոտանաւոր մըն է, ապա` Շտոքի համանուն գործը, որ բոլորովին տարբեր առիթով գրուած է, եւ Զոհրապ Եագուպեանի կատարած թարգմանութիւնը, որ Շտոքի վրայ հիմնուելով եղած է: Այս երեքը խորքային եւ բնոյթի տարբերութիւն ունին, իւրաքանչիւրը ունի իր նպատակը եւ ոճը, ու ես երեքէն ներշնչուելով, անոնցմէ որոշ  գաղափարներ վերցնելով եւ յետոյ իմ սեփական դրոշմս ու միտքերս աւելցնելով պատրաստած եմ այս տարուան թատերախաղը, որ բոլորովին այլ է:

Մեր մօտ կայ հիմնական երկու գաղափար. ներշնչուած ենք Աստուածաշունչին մէջ տեղ գտած այն հաստատումէն, որ Աստուած մարդը ստեղծեց, իր պատկերին համաձայն, նաեւ այն մօտեցումէն, որ Աստուած մարդը շինեց ազատ, իր ընտրութիւնները կատարելու ատակ:  Փորձեցինք շեշտը դնել այն երեւոյթին վրայ, որ երբ ուժը ձեռքդ կ’ըլլայ ամէն բան կրնաս ընել, մինչեւ իսկ ստեղծել, արարել: Այս ուժին եւ շատ բան ընելու կարողութեան գաղափարն ալ նկատի ունեցանք թատերախաղին բնագիրի պատրաստութեան ընթացքին:

Թատերախաղով կը ներկայացուին խումբ մը մարդիկ (մաֆիա), որոնք ամէն բան ունին եւ ամէն ինչ կրնան ունենալ, ուստի անոնք նաեւ կը սկսին ձանձրանալ:  Այս խումբին գլխաւորը` ձանձրացած միօրինակ կեանքէն, հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար կ՛որոշէ ստեղծել աշխարհ մը, որմէ ետք կ՛արարէ մարդը` Ադամը, իսկ առաջին կինը կը ստեղծէ  կաւով: Թատերախաղի Լիլիթի` առաջին կին էակն է, աւելի զօրաւոր է Ադամէն: Ինծի համար Ադամը շատ տկար էակ է, որովհետեւ ես համոզուած եմ, որ արական սեռը շատ աւելի տկար է, քան իգականը, ատոր համար իմ Ադամս միշտ կնոջ համաձայն կը գտնուի, թէեւ իմ արարիչիս ստեղծած Ադամը այդպէս չէր, որովհետեւ իր պատկերին համաձայն ստեղծուած է: Սակայն Լիլիթը, որ Ադամին համահաւասար է, որովհետեւ նոյն կաւէն շինուած էին,  չ՛ընդունիր այս գաղափարը ու  ըսաւ, որ «մենք»-ի գաղափարը չկայ, այլ կայ «ես» եւ «դուն», ան նոյնիսկ կը համարձակի թատերախաղին մէջ եղող արարիչին հետ չափուիլ, անոր համար ալ արարիչը կը պատժէ Լիլիթը, կ’ոչնչացնէ զայն, եւ կը ստեղծէ Եւան, բայց այս անգամ Ադամի կողէն, որպէսզի Ադամին ենթակայ ըլլայ: Եւան, որ գիտակից էր Լիլիթին պատահածին, աւելի ճարպիկ ու ճկուն քաղաքականութիւն կ’որդեգրէ: Ան միշտ Ադամի կողքին էր եւ անոր ենթարկուիլ ձեւանալով խորքին մէջ ինք ուղղութիւն կու տայ դէպքերուն` անուղղակի կերպով իր ուզածը իրականացնելով, ան իր իգական հրապոյրով, անուշ լեզուով կը համոզէ Ադամը, որ խնձորը ուտէ: Երբ անոնք կը պատժուին եւ երկիր կ’ուղարկուին, Եւան ուժ կու տայ Ադամին, թէ կրնայ առանձինն շարունակել ուղին:  Թատերախաղին սատանան հրեշտակը չէ, որ մեղանչած ու դրախտէն դուրս նետուած է, այլ նոյնինքն հրեշտակին ձանձրոյթը, պոռթկումներ ու ընդվզումները կը մարմնաւորէ, սատանան հրեշտակին հայելիին մէջէն դուրս կ’ելլէ: Ան դրախտին մէջ շարժում կը ստեղծէ, կը համոզէ Եւան, որ իր կարգին համոզէ Ադամը խնձոր ուտելու. հոս նաեւ յառաջ կը մղուի այն գաղափարը, որ ճիշդ է, որ սխալ կը գործեն, պիտի պատժուին, սակայն անոնց ներում պիտի շնորհուի: Իրականութիւն մը, որ այսօր ալ կայ մեր կեանքին մէջ:

Երկիր գալէն ետք թատերախաղին արարիչը` տեսնելով սատանային չար ու ժխտական ուժը, որ մէջտեղ կու գայ,  զգալով, որ ամէն ինչ իր հակակշիռին տակ չէ, այլընտրանք չ՛ունենար, ուստի կ’ընտրէ, կ՛որոշէ բարին ըլլալ, որպէսզի կարենայ հակակշռել գոյութիւն ունեցող չարը. այդ պատճառով է, որ իմ արարիչս թատերախաղի աւարտին Աստուծոյ պատկերով, հրեշտակով կը ներկայանայ:  Ան կը գիտակցի, որ իր զաւակները Ադամն ու Եւան ինկած են վայրի երկրագունդին վրայ, ուր իր օժանդակութեան կարիք ունին: Իր միակ օգնութիւնը այն է, որ անոնց բարութիւն ընէ, դառնայ ժխտականին դէմ դրականը, որպէսզի հակակշռութիւն պահուի: Այս կացութիւնն է, որ ի յայտ կու գայ, աւարտին կը հնչէ հետեւեալ գաղափարը, որ երբ ուժ ու կարելիութիւն ունիս, ընտրութիւնը ձեռքդ կ՛ըլլայ, եւ երբ չար գործերու կը հանդիպիս, բնական է, որ բարին ընտրես:

«ԱԶԴԱԿ».- Կրնա՞ք թատերախումբի անձնակազմին մասին տեղեկութիւններ տալ: Քանի՞ հոգիէ բաղկացած է խումբը, նորեր ընդգրկուա՞ծ են:

Յ. Տ. Ղ.– Բաւական աշխատանք տարինք, որպէսզի դերասաններու ճիշդ ընտրութիւն կատարուի, որպէսզի գտնենք մարդիկ, որոնք նաեւ ժամանակն ու կարողութիւնը ունին այս թատերախաղին մաս կազմելու: Սկզբնական հանգրուանին որոշ պատկերացում մը կար մտքիս մէջ, սակայն ատիկա կարելի չեղաւ ամբողջութեամբ իրականութիւն դարձնել զանազան պատճառներով: Ուստի նախընտրութիւնս գնաց դէպի հին երիտասարդականին մաս կազմած տարրերուն. Արին Յովսէփեանը ընտրեցի իբրեւ Եւա, նախորդ տարի Վահրամ Փափազեանի խումբին հետ խաղացած Արփի Սողոմոնեանը` իբրեւ Լիլիթ: Մնացածը «Զանզալախդ»-էն ինծի հետ աշխատող տղաքն են. նշեմ, որ Ադամի դերին համար նախատեսած էի Հրայր Գալեմքերեանը, սակայն ան այդքան բազմազբաղ էր, որ նախընտրեց օգնական բեմադրիչ ըլլալ:  Ադամի տիպարին համար ընտրեցի Վարդան Ազնաւուրեանը, որ բաւական լաւ ձեւով մարմնաւորեց այս կերպարը. արարիչը Զաւէն Պաաքլինին է,  հրեշտակներու պարագային նկատի ունէի, որ մէկ հատը Յովսէփ Գափլանեանը (Եուսուֆ) ըլլայ. երկուքն ալ վաստակաշատ են եւ իրենց ներկայութիւնը ունին բեմին վրայ: Կը մնային երկրորդ հրեշտակը եւ սատանան. երկրորդ հրեշտակին համար փորձեցի Նժդեհ Մկրտիչեանը, ու պարզուեցաւ այն, որ Նժդեհն ու Յովսէփը շատ լաւ զոյգ կրնան ըլլալ, որովհետեւ առաջինը աշխուժ է, իսկ երկրորդը աւելի հանդարտ ու նստակեաց, ուստի լաւ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծուեցաւ: Կը մնար սատանան. անոր համար ընտրեցի Ժանօ Պեքերեճեանը, որ իմ ակնկալածէս բոլորովին այլ բան հրամցուց, սակայն իմ գաղափարիս ամբողջութեամբ ծառայեց:

Ըսեմ, որ այս թատերախաղին առնչութեամբ ես պատկերացում մը ունէի, սակայն դէպքերու թաւալումով, դերասաններու ընտրութեամբ եւ անոնց դերակատարութեամբ ամէն ինչ իր հունը գտաւ, աւելի բիւրեղացան միտքերն ու պատկերները:  Այդ պատճառով ալ շատ հետաքրքրական էր փորձառութիւնը, նաեւ ըսեմ, որ այս թատերախաղը միւս երկուքին շարունակութիւնն է ձեւով մը:

Առաջին ներկայացման պարագային բեմադրութեան ուղիով շատ աւելի աշխատած էի տարածքին վրայ, անոր բաժանումը. երկրորդը հիմնուած էր տիպարներու ստեղծման վրայ, այդ պատճառով ալ գոյութիւն չունեցող կերպարներ մէջտեղ եկան. իսկ այս մէկուն պարագային փորձառութիւնս ամբողջացնել ուզեցի եւ ուղղակի դերասաններուն վրայ աշխատեցայ. բեմականայարդարում գոյութիւն չունի, պարզ է բեմը: Կան լուսաւորումի խաղեր, որոնք երկու տարբեր աշխարհներու տպաւորութիւնը պիտի տան: Բեմին վրայ այնքան ալ շարժում  չկայ, այլ ամէն բան հիմնուած  ու կեդրոնացած է դերասանին վրայ. աշխատանքին ընթացքին երկու խումբերու կը բաժնուէինք ու այդպէս կ’աշխատէինք զուգահեռաբար, ինչ որ աւելի հետաքրքրական եւ հարուստ կը դարձնէր  գործը, որովհետեւ երկու տարբեր անձեր նոյն տեղը կ’ուզեն հասնիլ, երկու տարբեր վարուելակերպեր նոյն նպատակին կը ծառայեցնենք:  Ես չեմ նախընտրեր ճնշումի տակ դնել դերասանը եւ պարտադրել ամէն ինչ, որովհետեւ թատրոնը խորքին մէջ կեանքի փորձառութիւն մըն է արուեստ ըլլալէ առաջ, ուստի շատ բաներ կան հոն առնելիք ու տանելիք:

Կը կարծեմ, թէ մեր աշխատանքը բաւական յաջող ընթացաւ, մինչեւ հիմա 60-70 առ հարիւրով, ինծի համար, այս թատերախաղը յաջողած է. այս արժեւորումը մինչեւ առաջին անգամ վարագոյրին բացուիլն ու փակուիլն է, իսկ մնացեալ տոկոսի պարագային կայ հանդիսատեսներուն արձագանգը, կարծիքները, եւ այս բոլորին հիման վրայ վերջնական արժեւորում պիտի տանք:

«ԱԶԴԱԿ».- Երեք տարիէ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը  կը գործակցի Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ: Լիբանանահայ թատերական իրականութեան մէջ այս տարիներուն մեծ ոստում մը կատարուեցաւ նիւթի ու ոճի առումով, մեր դասական հասկացողութենէն բաւական տարբեր: Ինչպէ՞ս մօտեցաք այս բոլորին, եւ ինչպէ՞ս ընկալուեցան այս բոլորը հանրութեան կողմէ, անոնց տեսակէտը վարչութեան ընտրութիւններուն վրայ որքանո՞վ ազդեցին:

ԼԵՒՈՆ ԱԿՈԲԵԱՆ.- Բազմավաստակ բեմադրիչ` Վարուժ Խտըշեանէն  ետք,  մենք սկսանք հրաւիրել հայրենի բեմադրիչներ: Երկու տարի առաջ մեր ընտրութիւնը գնաց  Յակոբ Տէր Ղուկասեանին: Նախ ըսեմ, որ որպէս վարչական եւ գործակից մտահոգ էինք այս ընտրութեամբ, որովհետեւ գիտէինք, թէ Յակոբը ունէր իր իւրայատուկ ոճը: Առաջին ներկայացումէն ետք ի յայտ եկաւ, որ յաջողած էինք, եւ  սփիւռքահայ թատրոնը դուրս գալով աւանդականէն ու դասականէն  մեծ  ոստում մը կատարեց: Երիտասարդներու վկայութեամբ նորութիւն մը սկսաւ մտնել հայկական թատրոնին մէջ, ասիկա թերեւս նաեւ իր բացասական կողմերն ալ ունենայ այլ հանդիսատեսներու համար, որոնք այնպէս մը կը մտածէին, որ աւանդական թատրոնի հիմերը կը խախտին այսպիսով, սակայն հիմնականը այն էր, որ կարելի եղած էր բան մը շարժել երիտասարդներուն մօտ, զանոնք թատրոն բերել եւ հետաքրքրութիւն ստեղծել: Բնական է, որ կային դժուարութիւններ, սակայն բոլորն ալ կարելի եղաւ յաղթահարել:

Առաջին ներկայացումը` «Զանզալախդ»-ը, յաջողեցաւ եւ մեծ ընդունելութիւն գտաւ: Երկրորդը նաեւ քիչ մը մտահոգութիւն ստեղծեց, անհեթեթ թատրոնն էր, մեր իրականութեան մէջ ցարդ հաւանաբար առաջինը, որովհետեւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը ունեցաւ լիբանանահայ թատրոնին մէջ այս իմաստով նախակարապետ ըլլալու յանդգնութիւնը: Սակայն ընթացքը ցոյց տուաւ, որ դարձեալ  կարելի եղաւ մթնոլորտ ստեղծել, մանաւանդ նոր սերունդին կողմէ: «Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղէն առաջ Յակոբ Տէր Ղուկասեան  մեզի այլ կտոր մը ներկայացուց, սակայն մենք չկրցանք այդքան քաջ ըլլալ ատիկա իրականութիւն դարձնելու: Անկէ ետք ան առաջարկեց «Աստուածային կատակերգութիւն», որ խորքին մէջ թատերախաղ չէ, Տանթէն ուղղակի կեանքի փիլիսոփայութիւնը դրած է հոն, Շտոքն ու Զոհրապը այլ ձեւով թարգմանած են, իսկ այս բոլորին խառնուրդէն մեր բեմադրիչը այլ բան ստեղծեց, այդ պատճառով ալ պաստառին վրայ գրուած է «Աստուածային կատակերգութիւն»` ըստ Յակոբոսի, որովհետեւ ան հոն իր ըսելիքը, մօտեցումը եւ մեկնաբանութիւնը ունէր: Երբ ներկայացումները աւարտին, հանդիսատեսին արձագանգները ստանանք, միասնաբար քննարկենք, այն ատեն կրնանք ըսել, թէ մեր ընտրութիւնը ճի՞շդ էր, հասա՞ւ նպատակին եւ այլն:

Որպէս վարչական միաւոր մեծ համարում ունինք  Յակոբին վրայ, որուն ներկայացումները  բծախնդիր ու ժրաջան աշխատանքի արդիւնք են, նաեւ կայ այն, որ անոր անունը նորութիւն կը յուշէ յատկապէս երիտասարդներուն, որոնց համաձայն, իրենք դասականէն աւելի անդին երթալու ակնկալութիւն ունին լիբանանահայ թատրոնէն:

«ԱԶԴԱԿ».- Ժողովուրդի դաստիարակութեան գործին մէջ մեծ դեր ունի թատրոնը, որուն մէջ նաեւ իր տեղը ունի լեզուն. որքանո՞վ կարեւոր է անոր անաղարտ պահպանումը:

Յ. Տ. Ղ.– Թատրոնը արուեստէ առաջ կեանքի փորձառութիւն է: Թատերախաղի մը բեմադրութիւնը կը կարօտի ամիսներու աշխատանքի, երբեմն մինչեւ մէկ տարուան, երբ յարաբերութիւն կը հաստատես դերասաններու հետ, ձայնայինի եւ  լուսաւորման սարքաւորումներու, բեմայարդարութեան, տարազներու պատասխանատուներու հետ եւ այլն, որոնք բոլորն ալ իրենց կարգին փորձառութիւն կու տան, բայց լեզուին հետ անմիջական կապ չունին: Ներկայացումի աւարտէն ետք, երբ  մենք կը փորձենք վերյիշել թատրոնը,  չենք յիշեր ըսուած բառերն ու նախադասութիւնները, այլ կը մտաբերենք տողերուն ետեւ թաքնուած գաղափարներն ու միտքերը:

Ո՛չ հանդիսատեսը լեզուաբան է, ո՛չ ալ դերասանները, այդ կը նշանակէ, թէ մենք լեզուական քերականական մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու պէտք չունինք: Կը բաւէ ժողովուրդին կողմէ հասկնալի եւ ընդունելի ըլլայ լեզուն: Այնքան ատեն, որ բեմէն հնչած հայերէնը հանդիսատեսին կամ նոյնինքն դերասաններուն ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով վնաս չի հասցներ, կը նշանակէ յաջողած ենք, ու խնդիր չկայ:

«ԱԶԴԱԿ».-  Սովորաբար ձեր թատերախաղերուն մէջ առկայ գաղափարները  ուղղակի դերասաններու բերանով տալու ընտրութիւն չէք կատարեր, այլ կը մղէք հանդիսատեսը մտածելու եւ ինք թափանցելու խորքը: Արդեօք ասիկա որքանո՞վ կարեւոր է թատրոնին մէջ:

Յ. Տ. Ղ.– Նախապէս յիշեցի, որ թատրոնը կեանքի փորձառութիւն է, սակայն թատրոնը նաեւ արուեստ է: Իսկ արուեստի գործի մը մէջ եթէ յստակ ըլլայ ամէն ինչ, արուեստ ըլլալէ կը դադրէր, հոն կանգ կ’առնէ: Արուեստը մարդուն միտքը պիտի աշխատցնէ, մղիչ ուժ պիտի ըլլայ, որ մարդ ինք պեղէ  ու հասնի իր ընկալածին: Հետաքրքրականն այն է, որ երբ արուեստագէտը իր ըսելիքը կ’ըսէ քանի մը աստիճան ետք, եւ հանդիսատեսը ատիկա կը հասկնայ քանի մը մեկնաբանութիւն ընելէ ետք, այն ատեն արուեստագէտը իսկապէս յաջողած կ’ըլլայ:

Կան ժապաւէններ, որոնք առաջին դիտելով չես հասկնար, այլ քանի մը անգամ դիտելով երեւոյթներ կը բացայայտես: Ասիկա կը նշանակէ, որ ժամանակի ընթացքին զարգացում եւ փորձառութիւն ձեռք ձգեց մեր ուղեղը: Արուեստի երեւոյթները տարբեր ձեւերով ընկալելու մէջ մեծ դեր կը խաղայ նաեւ մարդուն հոգեկան ներաշխարհը, տարիքը, ապրումները եւ այլն:

«ԱԶԴԱԿ».-  Ժողովուրդը ինչպէ՞ս կ’արձագանգէ ձեր գործերուն: Բնական է, որ դրական արտայայտուողներու կողքին, բացասականներն ալ ըլլան: Ինչպէ՞ս կը մօտենաք այս հարցին:

Յ. Տ. Ղ.– Կը կարծեմ, որ մենք մեծ բաժին ունինք այս «ոճրագործութեան» մէջ, որովհետեւ արուեստ հրամցնելու իմաստով սխալներ եղած են: Երբ հանդիսատեսը թեթեւ բան մը պահանջէ, մենք երբեք անոր բաւարարութիւն պէտք չէ տանք: Թատրոնը մարդոց հաճոյքը բաւարարելու համար չէ եղած: Թատրոնի նպատակներէն մէկն է ժողովուրդը ուղղել, արթնցնել, անոր միտքը լուսաւորել: Այս իմաստով կարծեմ մենք յաջողեցանք, հանդիսատեսներուն վկայութիւնները այդ մասին կը վկայեն, անոնց ակնկալութիւնները ատոր փաստը կը հանդիսանան: Նաեւ ըսեմ, որ ինծի համար ձեւով մը ժամադրութիւն յարգելու պարագայ մը կայ. այսինքն ամէն մայիսին «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը պիտի ներկայանայ իր հանդիսատեսին: Բնական է, որ դրական արտայայտուողներուն կողքին ըլլան նաեւ բացասական մօտեցում ունեցողները, բայց բաւական տարածում գտան այս ներկայացումները յատկապէս նոր սերունդի մօտ, որոնք արուեստի մօտ են եւ շարժիչ ուժը կը հանդիսանան մեր միջավայրին: Ենթահողը գոյութիւն ունէր, սակայն  պէտք էր այս ուղիով ընթացողը գործի լծուէր. այս իմաստով  ճիշդ ատենին ու տեղին եկայ, այդ բոլորին թարգմանը ըլլալու բեմին ընդմէջէն:

«ԱԶԴԱԿ».-  Գիտենք, որ միշտ ալ աշխատած ես օտար, տեղական շրջանակի մէջ: Վերջին տարիներուն հայկական շրջանակի մէջ ներդրում կ’ունենաք, կը գործակցիք Համազգայինի հետ. խօսինք այդ փորձառութեանդ մասին:

Յ. Տ. Ղ.– Յայտնեմ, որ Համազգայինի թատերական միաւորին հետ աշխատանքը այնքան ալ դիւրին չընթացաւ, ոչ թէ որովհետեւ իրենք մերժողական էին, սակայն վարժուած էին ձեւի մը, կային սովորութեան վերածուած բաներ, որոնք պէտք է փոխել, անոնցմէ անդին անցնիլ: Նոյնիսկ զանազան արտայայտութիւններ  հնչեցին ամէն կողմէ, շատեր առաջարկեցին կանգնեցնել մեր աշխատանքը  ու վերադառնալ դասական թատրոնին: Միշտ ալ ուզածիս պէս աշխատեցայ, ոչ ոք արգելք կանգնեցաւ, սակայն միշտ կար ոտք մը առջեւ, ոտք մը ետեւ ըլլալու կացութիւնը: Բայց կ՛ուզեմ ըսել,  որ միջազգային բեմերուն վրայ ալ դասականին կողքին տեղ կը գտնէ նաեւ նորարարականը: Համազգայինը արուեստի եւ մշակոյթի կազմակերպութիւն է, դասական ուղղութեան յատուկ դպրոց մը չէ: Սա կը նշանակէ, որ պէտք է արուեստի բոլոր սեռերն ալ տեղ գտնեն անոր կառոյցներուն մէջ:

Ես չեմ ըսեր, որ գործս նորութիւն ըլլալով գլուխ գործոց մըն է: Հետաքրքրութեամբ կ՛ընդունիմ եղած բոլոր քննադատութիւնները` պայմանով, որ անոնք հիմնաւորուած ըլլան ու շինիչ: Քննադատութիւնը յաջողութեան կը տանի, որովհետեւ փորձառութիւն ձեռք կը ձգէ, եթէ անոնք դրական տրամադրութեամբ կատարուին:

«Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղին պարագային եւս մարդիկ կրնան ըսել, որ հակաքրիստոնէական բաներ կը հրամցուին, սակայն նման բան գոյութիւն չունի: Թող մարդիկ գան դիտեն եւ եթէ գտնեն, որ  նման բան կայ, թող փաստերով նշեն ատիկա: Ես իմ հեռանկարս եւ գաղափարներս ունիմ, ատիկա կը հրամցնեմ, մարդիկ կրնան բաժնել, կրնան չբաժնել, ազատ են:

«ԱԶԴԱԿ».- Այս տարի տարազներուն եւս յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էք:

Յ. Տ. Ղ.- Այո, որովհետեւ ատիկա շատ կարեւոր էր: Երբ ըսինք, որ դերասաններուն վրայ դրուած է շեշտը, ուրեմն տարազը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անիկա մարդը կը մարմնաւորէ եւ անոր ցոլացումը պիտի հանդիսանայ: Իմ Ադամս կամ հրեշտակներս դասական տարազներ կը կրեն, բաճկոն կը հագնին: Սարգիս Ասատուրեանը այս իմաստով մեծ ու նուիրական աշխատանք տարաւ, առաջին վայրկեանէն համաձայնութիւն յայտնեց եւ ամէն ձեւով ալ օգտակար դարձաւ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES