Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Անգլիա Հանդիսացաւ Ախոյեան

2205england-under-17Անգլիոյ 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ազգային խումբը հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, երբ 17 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին փենալթիներով (4-1) յաղթեց Հոլանտայի: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:

Անգլիա 2010-ին եւս տիրացած էր այս տիտղոսին` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սպանիոյ:

Նշենք, որ Անգլիա զտումի մրցումներուն Է. խմբակին մէջ իրեն մրցակից ունեցաւ Հայաստանը: Անգլիա յաղթեց իր բոլոր մրցակիցներուն, մինչ Հայաստան յաղթելով միայն Ճիպրալթարի, 3 կէտով գրաւեց այս խմբակին երրորդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES