Վաստակաւոր Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Պարգեւատրուեցաւ Մշակոյթի Նախարարութեան Կողմէ

2205HaroutiounTorossian1Երէկ` հինգշաբթի, 22 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱԼՊԱ-ի սրահին մէջ կը տիրէր իգական գեղեցկութիւնը ցոլացնող մթնոլորտ, որուն աղբիւրը վաստակաւոր գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի մերկ կիներու նուիրուած ստեղծագործութիւններն էին, որոնք կը զարդարէին սրահին պատերը: Գեղեցկութեան կողքին տիրական էր բարձրակարգ եւ իւրայատուկ արուեստը, զոր արուեստասէրը կրնար տեսնել նշանաւոր գեղանկարիչին տարիներու բեղմնաւոր աշխատանքին արգասիքին, անոր ուրոյն մօտեցումներուն եւ արտայայտչաձեւերուն, գոյներուն, գիծերուն եւ գեղագիտական հմտութիւններուն միաձուլումէն ծնունդ առած ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն: «Մերկեր» խորագիրը կրող այս ցուցահանդէսը, համանուն նոր գիրքի հրատարակութիւնն ու մակագրումը կու գային ամբողջացնելու մշակոյթի նախարարութեան կողմէ ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ լիբանանեան եւ միջազգային կեանքին մէջ պատուաբեր անուն հանդիսացող Յարութիւն Թորոսեանի պարգեւատրման հանդիսութիւնը:

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութեամբ, «Աքատեմի Լիպանեզ»-ի կազմակերպութեամբ կայացած եւ Յարութիւն Թորոսեանի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ «Աքատեմի Լիպանեզ»-ի տնօրէն Անտրէ Պեքազի, որ ըսաւ, թէ իրենց համար հպարտութիւն է 1953-55 Յարութիւն Թորոսեանը իբրեւ աշակերտ, իսկ աւելի ուշ, 10  տարի Ֆրանսա մնալէ ետք Լիբանան վերադարձին իբրեւ ուսուցիչ ունենալը, վերջինի պարագային` 18 տարի շարունակ: Ան դիտել տուաւ, որ Յարութիւն Թորոսեանի ցուցադրուած գործերուն ընդմէջէն կը ներկայանայ կինը, որ աշխարհի գեղեցկագոյն արարածն է ինչպէս գեղանկարիչին, նաեւ իրենց համար: Ան վեր առաւ Յ. Թորոսեանի արուեստի ուրոյնութիւնը, կարեւորութիւնը եւ ունեցած ներդրումը լիբանանեան մշակութային կեանքին մէջ:

2205HaroutiounTorossian2Ապա մշակոյթի նախարարութեան խօսքը արտասանեց նախարարի ներկայացուցիչ Ալպեր Չուխատար, որ լիբանանեան արուեստի աշխուժ ու հարուստ կեանքին անդրադառնալով` դիտել տուաւ, թէ Յարութիւն Թորոսեան եւս իր դրոշմն ու ներդրումը ունի այս կեանքին բեղմնաւորման եւ արժեւորման մէջ: Ան շնորհաւորեց գեղանկարիչին 80-ամեակը` անոր մաղթելով երկար կեանք ու շարունակուող ստեղծագործական ուղի: Լիբանանեան պետութեան անունով ան արժեւորեց Յ. Թորոսեանը եւ անոր յանձնեց մշակոյթի նախարարութեան յուշատախտակը: Ա. Չուխատար աւելցուց, որ նախարարութեան մէջ կը գտնուին Թորոսեանի պաստառներէն` աւելցնելով, որ անոնք իրենց արժանի ու պատուաւոր տեղը պիտի ունենան նորաբաց թանգարանին մէջ:

Աւարտին իր շնորհակալական խօսքը փոխանցեց Յարութիւն Թորոսեան, որ յիշեց «Աքատեմի Լիպանեզ»-ի հիմնադիր Ալեքսի Պութրոսը, որ վաստակաշատ եւ յարգելի անձնաւորութիւն մըն էր, որուն ճանչցած է գեղանկարիչը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսութիւնը իրականութիւն դարձուցած անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն:

«Ազդակ» կը շնորհաւորէ իր աշխատակիցներէն Յարութիւն Թորոսեանը` անոր մաղթելով արուեստով ու անվերջ ստեղծագործութեամբ լի նորանոր տարիներ, որպէսզի շարունակէ ընդհանրապէս հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան անունը բարձր պահել լիբանանեան մակարդակի վրայ եւս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )