Սարքոզի Կ՛առաջարկէ Ֆրանս-Գերմանական Տնտեսական Գօտի Ստեղծել

Նիքոլա Սարքոզի
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնած է, որ լճացած Եւրոպական Միութիւնը բարեփոխելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել ֆրանս-գերմանական միասնական տնտեսական գօտի:
«Այդպիսի որոշումը մեզի թոյլ պիտի տայ պաշտպանել մեր շահերը` Գերմանիոյ հետ մրցակցութեան պայմաններու մէջ` վերցնելով հարկային մարզին եւ ընկերային քաղաքականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող թերութիւնները, ինչպէս նաեւ մեզի կարելիութիւն պիտի տայ յառաջատար դառնալ դրամանիշի միութեան երկիրներու շրջանին մէջ», ըսած է ան:
«Եթէ Եւրոպական Միութեան երկու մեծ տնտեսական գերպետութիւնները տնտեսական միութեան ճամբան ընտրեն, Եւրոյի գօտին պիտի ուժեղանայ, ինչ որ իր կարգին պիտի ապահովէ մայր ցամաքամասի կայունութիւնը», աւելցուցած է Սարքոզին:
Ֆրանսայի նախկին նախագահը նաեւ առաջարկած է դադրեցնել «Շենկեն-1» համաձայնագիրը եւ զայն փոխարինել «Շենկեն-2» համաձայնագիրով, որուն կարելի պիտի ըլլայ միանալ միայն ներգաղթային կշռոյթներու խստացման պայմանով, որուն պարագային Եւրոպա ժամանող ներգաղթեալները իրենց համար բնակութեան ամէնէն յարմար վայրը կ՛ընտրեն:

