Առաջին Անգամ Ըլլալով Փորձարկուած Է Եւրոպայի Համար Նախատեսուած Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Համակարգը

2205AegisGazeta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի զինուորներ առաջին անգամ ըլլալով փորձարկած են «Էյիճիս» հակահրթիռային պաշտպանութեան ցամաքային համակարգը, որ նախատեսուած է Արեւելեան Եւրոպայի մէջ տեղակայման համար:

Փորձարկումները տեղի ունեցած են հաուայեան Քաուայի կղզիին մէջ: Առայժմ օգտագործուած է միայն ոչ իրական թիրախ մը, իսկ իրական թիրախով փորձարկումները տեղի պիտի ունենան 2015-ին:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ «Էյիճիս»-ի առաջին համակարգը պիտի տեղակայուի Ռումանիոյ մէջ 2015-ին, իսկ երկրորդը Լեհաստանի մէջ` 2018-ին:

Կը նշուի, որ 2002-էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները արդէն 98 միլիառ տոլար ծախսած են հակահրթիռային ցամաքային պաշտպանութեան զարգացման վրայ, սակայն կ՛ենթադրուի, որ մինչեւ 2018 անոնք ստիպուած պիտի ըլլան ծախսել յաւելեալ 38 միլիառ տոլար:

 

Share this Article
CATEGORIES