Սուրիական Բանակը Վերցուցած Է Հալէպի Բանտին Պաշարումը

Հալէպի բանտը

Հալէպի բանտը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը վերջ դրած է Հալէպի կեդրոնը գտնուող բանտին պաշարումին:

Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան կեդրոնի ներկայացուցիչ Ռամի Ապտել Ռահման հաղորդած է. «Ժապհաթ Նուսրա» խմբաւորման եւ այլ իսլամական զինեալներու կողմէ բանտի 13-ամսեայ շրջափակումը վերջ գտած է կառավարական զօրքի եւ վարչակարգի հաւատարիմ ուժերուն ջանքերով»:

«Ժապհաթ Նուսրա» խմբաւորման անդամները երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձէին գրաւել Հալէպի բանտը` ազատ արձակելու համար բանտարկեալները:

«Կառավարական բանակն ու Սուրիոյ ազգային պաշտպանութեան ուժերը, նաեւ Հըզպալլայի անդամները կը պայքարին ժիհատականներուն դէմ Շէյխ Նաժժար շրջանին մէջ, որ Հալէպի բանտէն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի», ըսած է Ռամի Ապտել Ռահման:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ վարչակազմին հաւատարիմ զօրքերը վերահսկողութիւն հաստատած են դէպի բանտ տանող ճամբուն վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES