Պոլսոյ Մէջ Ցուցարարներ- Ոստիկանութիւն Բախում

Բախումը` Պէյօղլու թաղամասին մէջ
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ ցոյցերը ոստիկանութեան հետ բախումներու վերածուած են: Ցոյցերուն ընթացքին գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած է ցուցարար մը, որ տեղափոխուած է հիւանդանոց:
Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող Օքմէյտան հրապարակին վրայ քանի մը տասնեակ դիմակաւոր ցուցարարներ հաւաքուած են` Սոմայի մէջ մահացած հանքափորերու յիշատակը յարգելու համար:
Ցոյցը իշխանութիւններուն հետ համաձայնեցուած չէ եղած, այդ պատճառով ալ հրապարակ եկած են ոստիկանութեան յատուկ ջոկատներու ներկայացուցիչները:
Ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործուած են: Ատոր ի պատասխան ցուցարարները սկսած են պատնէշներ շինել եւ ոստիկանութեան ուղղութեամբ քարեր եւ հրավառ նիւթեր նետել:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուաւ հետաքննիչ յանձնախումբի մը կազմութեան, որ 301 զոհ պատճառած Սոմայի ածխահանքի փլուզման դէպքին շուրջ հետաքննութիւն պիտի կատարէ, փլուզումին պատճառները ճշդէ եւ աղէտին պատասխանատուները յայտնաբերէ:
Հետաքննիչ յանձնախումբի ստեղծման առաջարկին թեր քուէարկեցին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, ընդդիմադիր կուսակցութիւններ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ քրտական Ժողովրդավար ժողովուրդներու կուսակցութիւնը:

