Ռուսիա Եւ Չինաստան Վեթոյի Ենթարկեցին Սուրիոյ Թղթածրարը Միջազգային Քրէական Դատարան Փոխանցելու Բանաձեւը
Ռուսիա եւ Չինաստան երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ օգտագործեցին իրենց վեթոյի իրաւունքը` ձախողութեան մատնելով Սուրիոյ թղթածրարը Միջազգային քրէական դատարան փոխանցելու ֆրանսական բանաձեւը:
Ռուսիա նախապէս զգուշացուցած էր, որ Ֆրանսայի պատրաստած բանաձեւը վեթոյի պիտի ենթարկէ, եթէ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուի: Ասիկա երրորդ անգամն էր, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը Ապահովութեան խորհուրդին մէջ սուրիական հարցով իրենց վեթոյի իրաւունքը կ՛օգտագործեն:
ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցիչը նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «ոչինչ աւելի վատ է, քան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ լուռ մնալը»: Ան նշեց, որ այն տեսակէտը, որ սուրիական թղթածրարը Միջազգային քրէական դատարանին փոխանցելը տագնապի լուծման ջանքերը կը խանգարէ, «անօգուտ խօսք է»:
Ան աւելցուց, որ «Սուրիոյ մէջ երկու կողմերն ալ ահաւոր արարքներ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործեցին»` աւելցնելով. «Այժմ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն համար որեւէ կողմ պատասխանատու նկատելու յարմար ժամանակը չէ»:
ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր ցաւ յայտնեց բանաձեւը վեթոյի ենթարկելու Ռուսիոյ որոշումին համար:
Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտնեց. «Արեւմուտքը մէկդի պէտք է դնէ իր քաղաքականութիւնը, որ սուրիական տագնապը անել կացութեան կը հասցնէ»: Ան յայտարարեց. «Միջազգային քրէական դատարանը օգտագործելը Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու նոր պատրուակ մըն է»` աւելցնելով. «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կան կարգ մը կողմեր, որոնք Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու դատապարտումը բազմիցս արգելակեցին»:
«Սուրիոյ հարցին մէջ զինուորական միջամտութեան համար նոր պատրուակի կարիք չկայ», ըսաւ ան:
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի յայտնեց, որ սուրիացիներուն օժանդակելու միակ միջոցը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու քաղաքական լուծումին աջակցիլն է:

