«Հիւլէականի Համաձայնագիրը Շատ Հաւանաբար Կնքուի Յուլիսին» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Հասան Ռուհանի

Հասան Ռուհանի

Արապիա» կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, որ Թեհրանի եւ «Վեցեակ»-ի միջեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները «շատ հաւանաբար» ցանկալի արդիւնք տան 20 յուլիսին, երբ պիտի կնքուի համապարփակ համաձայնագիր:

«Շատ հաւանական է, որ մենք համաձայնութեան գանք յուլիսի վերջաւորութեան: Ատիկա մեր ուժերուն ծիրին մէջ է», ըսած է իսլամական պետութեան ղեկավարը, որ կը մասնակցի չինական Շանկհայ քաղաքին մէջ ընթացող շրջանային անվտանգութեան խորհրդաժողովին:

Ռուհանի աւելցուցած է, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ կան շարք մը բարդ հարցեր, որոնց լուծում տալու համար ժամանակ պէտք է, ուստի խելամիտ չէ ակնկալել, որ խնդիրը պիտի լուծուի քանի մը հանդիպումով:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը իր կարգին նշած է, որ իրանեան կողմը համաձայնած է քննարկել շարք մը վիճայարոյց հարցեր, բան մը, որ նախապէս կը մերժէր:

Յիշեցնենք, որ Արեւմուտքը Իրանը կ՛ամբաստանէ հիւլէական զէնք ստեղծել ջանալու համար, սակայն Թեհրան կը հերքէ այս ամբաստանութիւնը` նշելով, որ իւրանիոմի հարստացում կը կատարէ բացառապէս խաղաղ նպատակներու համար:

Share this Article
CATEGORIES