Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ապահովական իրադարձութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ զօր. Միշել Աուն Սէուտական Արաբիայէն ժխտական պատասխան մը չէ ստացած` նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութեան առումով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի միջեւ համագործակցութիւնը կրնայ իր մէջ բովանդակել աունական-ժոմպլաթեան համագործակցութիւն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով 48 ժամ ետք կարելի է անակնկալ մը շօշափել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը մտահոգութիւն չի պատճառեր:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ապահովական առումով Լիբանանի վրայ վախ չկայ նախագահական դատարկութեան պարագային:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր շեշտեց, որ պատմութիւնը յիշել պիտի տայ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառչած պիտի մնայ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ արաբականութեան:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խիղճը հանգիստ պիտի մեկնի Պաապտայէն:

ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ մէջ դրուած են լուրեր, թէ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը պիտի ըլլայ նոր Նահր Պարետ մը կամ Եարմուք մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքները արգելակելու քայլերուն արդիւնքները Լիբանանի համար շատ վտանգաւոր պիտի ըլլան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ օր Պաապտայի մէջ հրաժեշտի հաւաք մը կազմակերպած է, իսկ կիրակի օր Ամշիթի իր բնակարանին մէջ սարքած է ընդունելութիւն մը: Երկուշաբթի, 26 մայիսին ան պիտի փոխադրուի Եարզէ, ուր իր բնակութիւնը պիտի հաստատէ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ երկխօսութիւն կատարելու զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութեան նպատակը 25 մայիս 2014-ն էր:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց երկրին պետական պաշտօնատարներուն` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ անկարելի է Դիմադրութեան ուղեգիծին դէմ անձնաւորութիւն մը իբրեւ երկրի նախագահ ընտրել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելը Ազգային ուխտի խախտում է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանին մէջ բաւարար թիւով երեսփոխաններու ապահովումը` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդական Ուեհպէ Քաթիշա շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ընտրուի խորհրդարանին մէջ` երեսփոխաններուն կողմէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ անհրաժեշտ է դիմադրել նախագահական աթոռը թափուր պահելու կարելիութեան եւ ամէն ջանք ի գործ դնել, որ նման բան չպատահի, որպէսզի Լիբանանի նկատմամբ գոյացած արտաքին վստահութիւնը չտկարանայ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը կը շարունակուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հաւանականութիւն գրեթէ չկայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իրենց հետ իր խորհրդակցութիւնները կը շարունակէ եւ ան է, որ զօր. Աունի անունը առաջարկած է իբրեւ Լիբանանի հանրապետութեան համախոհական թեկնածու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ շեշտեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահին ինքնութեան շուրջ համաձայնութիւն մը կարելի պիտի չըլլայ գոյացնել` նախքան սէուտական-իրանեան երկխօսութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամմար Հուրի շեշտեց, որ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստին ընթացքին կարելի պիտի չըլլայ նախագահ ընտրել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելը վտանգի կ՛ենթարկէ Լիբանանի պետական հաստատութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա մերժած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ ներկայացուած նախապայման մը, որուն գործադրումով զօր. Միշել Աուն կրնար հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Սէուտական Արաբիա կը մաղթեն, որ նախագահական աթոռը թափուր չմնայ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը սկսած են վտանգի փողեր հնչեցնել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES