Ըստ Էլի Ֆըրզլիի. Նախագահ Սլէյման Ծածկեց Լիբանանի Մէջ Քայիտայի Գոյութիւնը
Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի մը մասին տակաւին համաձայնութիւն մը չգոյացնելու պատճառը այն է, որ նոր նախագահին ստանձնելիք պարտականութիւնը ցարդ չէ ճշդուած:
Ֆըրզլի շեշտեց, որ նախագահական դատարկութեան պատասխանատուութիւնը միայն քրիստոնեաները չէ որ կը ստանձնեն, այլեւ` բոլոր լիբանանցիները:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան մասին Ֆըրզլի յայտնեց, որ Ժահժահ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը խոչընդոտելու նպատակով:
Անդրադառնալով նախագահական աթոռին թափուր մնալուն` Ֆըրզլի շեշտեց, որ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի օրով Լիբանան արդէն իսկ նախագահական դատարկութիւն մը եւ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութեան լուսանցքայնացումին շրջանը ապրած է:
Ան նշեց, որ նախագահ Սլէյման ծածկած է Լիբանանի մէջ Քայիտայի գոյութիւնը:
Ան մաղթեց, որ սէուտական-իրանեան երկխօսութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ եւ յաջորդ 48 ժամուան ընթացքին կարելի ըլլայ երկիրը փրկել նախագահական դատարկութենէն:

