Նախագահական Ընտրութեան Հինգերորդ Նիստը Եւս Չեղեալ Նկատուեցաւ Երեսփոխաններու Բաւարար Թիւի Չգոյութեան Պատճառով

2205yerespokhanԽորհրդարանին մէջ նախագահական ընտրութեան նիստը երէկ դարձեալ մատնուեցաւ նոյն ճակատագիրին, երբ նիստին ներկայ գտնուեցան միայն 75 երեսփոխաններ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստիպուեցաւ չեղեալ նկատել նիստը:

Պըրրի նիստը փակ յայտարարեց` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:

Նշենք, որ նախագահական ընտրութեան նիստերը կը մնան բաց, մինչեւ նախագահական նստաշրջանի աւարտը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը ամբողջութեամբ բացակայեցաւ նիստէն, մինչ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ նշեց, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները տակաւին կը մնան իրենց վերջնական կեցուածքներուն վրայ, եւ այդ պատճառով ալ այսօր եւս հանրապետութեան նոր նախագահ մը պիտի չընտրուի:

Ան կոչ ուղղեց երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն դուրս գալու իրենց հաստատ կեցուածքներէն, որոնց հիման վրայ կարելի չէ նախագահ ընտրել:

Երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա իր կարգին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածուները չեն, որ լիբանանեան համայնքներուն վստահութեան քուէն կը ստանան, այլ` սահմանադրութեան հիման վրայ ընտրուող նախագահը:

«Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անկարելի է որ համախոհական նախագահ դառնայ, երբ լիբանանցիներուն մէջ կայ մեծ թիւ մը, որ զայն կը նկատէ մարտահրաւէրի թեկնածու», ընդգծեց Նիքոլա: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իրաւունք չունի ըսելու, որ ինք կը ներկայացնէ հզօր խմբաւորումը, երբ խորհրդարան ներկայացող երեսփոխաններուն թիւը պոյքոթի ենթարկողներուն թիւէն աւելի մեծ է:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ոչ ոքի դէմ վեթօ կը դնէ, այլ` կը յարգէ ժողովրդավարութիւնը:

Երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ իր կարգին շեշտեց, որ 25 մայիսը սահմանադրական եւ քաղաքական անկիւնադարձային թուական մըն է` մտահոգութիւն յայտնելով, որ այդ թուականէն ետք Լիբանանի մէջ տարբեր կացութիւն տիրէ եւ նախորդ հանգրուանին արձանագրուած բոլոր նուաճումները ի դերեւ ելլեն:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ զօր. Աունի ունեցած եռակի բեւեռներու մասին արտայայտութիւնը ջրած է Թաէֆի համաձայնագիրը եւ թիրախ դարձուցած իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւնը:

Իր կարգին, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ զօր. Աուն անդրադարձ կատարեց լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն եւ անոնց միջեւ համախոհութեան ստեղծումին` ամրապնդելու համար իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւնը, ինչպէս նաեւ նախորդ 20 տարիներէն աւելի յարգելու երկրին Ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը:

Նախագահական ընտրութեան թեկնածու Հանրի Հըլու շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ բոլորին հետ կարենայ երկխօսութիւն կատարել:

Նշենք, որ խորհրդարանին մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի եւ Ֆուատ Սինիորայի հետ:

Մեհրապի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, որ կը հետեւէր նախագահական նիստին մանրամասնութիւններուն, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի համար այս օրը տխուր օր մըն է` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութեան աշխատանքը խանգարուեցաւ:

Ան շեշտեց, որ 75 երեսփոխաններ ստանձնեցին իրենց պատասխանատուութիւնը եւ ներկայ գտնուեցան նիստերուն, սակայն Լիբանան կորսնցուց սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին մէջ հզօր նախագահ մը ընտրելու առիթը:

Ժահժահ նշեց, որ եթէ զօր. Աուն 65 քուէ ստանար, ապա ինք պիտի ըլլար զայն առաջին շնորհաւորողը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES