«Մտահոգ Եմ, Որ Նախագահական Ընտրութիւնը Պիտի Կատարուի 7 Մայիս 2008-ի Նման Դէպքերու Լոյսին Տակ» Յայտնեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման` Զիատ Պարուտի հետ հանդիպումին ընթացքին

Նախագահ Սլէյման` Զիատ Պարուտի հետ հանդիպումին ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց ճշմարտութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ առանց ճշմարտութեան երկխօսութիւն չկայ, իսկ առանց ճշմարտութեան եւ անկեղծութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան ժողովրդավարութիւն չկայ:

Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնը կատարեց Պաապտայի մէջ Ժորժ Թարապէյի համախմբած մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներուն պատուիրակութիւնը ընդունելու ընթացքին:

Թարապէյ դրուատեց նախագահ Սլէյմանի դերակատարութիւնը իր նստաշրջանին ընթացքին` մտահոգութիւն յայտնելով երկրին մէջ արձանագրուելիք նախագահական դատարկութեան հաւանականութեան մասին:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին իրեն շնորհուած Մայրիներու բարձրաստիճան սպայի աստիճանի շքանշանին համար:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի նոր դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալի:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց, որ մեծապէս հաւանական ըլլայ նախագահական դատարկութիւնը` աւելցնելով, որ ինք նաեւ մտահոգ է, որ նախագահական ընտրութիւնը կատարուի 7 մայիս 2008-ի նման դէպքերու լոյսին տակ:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք կը փափաքի հանրապետութեան նոր նախագահին յանձնել իր պաշտօնը` աւելցնելով, որ ինք հպարտ կը զգայ իր պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելու իմաստով իր խոստումին յանձնառու մնացած ըլլալուն համար:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումին մասին ներկայացուած առաջարկին գծով նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ այդ առաջարկը կը դրսեւորէ նախագահական աթոռը թափուր չպահելու Ռայի պատրիարքին յանձնառութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES