Կառավարութիւնը Վարչական Կարեւոր Նշանակումներ Կատարեց Եւ Վաւերացուց Բարգաւաճման Ծրագիրներ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 4:30-ին, վարչապետարանին մէջ ամբողջական կազմով գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Կառավարութիւնը քննարկեց 100 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ օրակարգէ դուրս շարք մը այլ հարցեր:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ ընդգծած է, թէ կառավարութիւնը իր բոլոր պարտականութիւնները պիտի ստանձնէ եւ երկրին շահերուն պիտի հսկէ, մինչեւ նախագահական ընտրութեան կայացումը:

«Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը եւ չարտօնելու, որ նախագահական աթոռը երկար ատեն թափուր մնայ», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան աւելցուց, որ վարչապետը կառավարութեան ներկայացուց նաեւ Սէուտական Արաբիա իր կատարած այցելութեան արդիւնքները` ընդգծելով, որ սէուտցի պատասխանատուները հաստատած են, որ սէուտցի քաղաքացիները պիտի սկսին այցելել Լիբանան: Ժրէյժ նաեւ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ պիտի այցելէ նաեւ Ծոցի այլ երկիրներ` Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու միտումով:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը նշանակեց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի նոր վարչութիւնը` ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը յանձնելով Ֆայսալ Շաթիլայի եւ հիւանդանոցին մէջ կառավարութեան պատասխանատու նշանակելով Ուալիտ Ամմարը:

Կառավարութիւնը անհատական կացութեան վարչութեան ընդհանուր տնօրէն նշանակեց Սիւզան Խուրի-Հաննան, քաղաքապետարաններու հարցերու վարչութեան ընդհանուր տնօրէն` Օմար Համզան եւ երթեւեկի եւ փոխադրամիջոցներու վարչութեան ընդհանուր տնօրէն` Հուտա Սալլումը:

Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ 18 միլիոն տոլարի գումար մը յատկացնել` կառուցելու համար Թաննուրին Թահթայի փողոցը, ինչպէս նաեւ 6 միլիոն տոլար` կառուցելու համար Իհմիժ Լաքլուք ճամբան:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանին պարտականութիւն տուած է սերտելու ելեկտրականութեան մարզի նիւթական բացը նուազեցնելու ձեւերը:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը յետաձգած է աղբերէն պարարտացուցիչ պատրաստելու գործարանի մը ծրագիրին վաւերացումը:

Ժրէյժ նշեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է կարգ մը նախարարութիւններուն կողմէ ներկայացուած միջազգային խորհրդաժողովներու մասնակցելու առաջարկներուն, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուած է օժանդակելու միջազգային զբօսաշրջական փառատօներու կայացման:

 

Share this Article
CATEGORIES