Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը` «Կալըփ»-ի Աղիւսակին Մէջ

2205Gallup«Պիզնըս Ինսայտըր» կը հաղորդէ, որ «Կալըփ» հասարակական կարծիքի ուսումնասիրութեան հիմնարկը կազմած է 2013-ի համար աշխարհի ամէնէն դրական երկիրներու վարկանշային աղիւսակը:

Հարցախոյզը կատարուած է 138 երկիրներու հազարական բնակիչի մօտ` հարցնելով, թէ մէկ օր առաջ ինչպիսի` դրակա՞ն, թէ՞ բացասական փորձառութիւն ունեցած են, ժպտացա՞ծ են, ծիծաղա՞ծ են, հանգստացա՞ծ են, յարգալից վերաբերմունքի արժանացա՞ծ են, սորվա՞ծ կամ հետաքրքրական բանով զբաղա՞ծ են:

Ըստ հարցախոյզի արդիւնքին, 11 ամէնէն դրական երկիրներէն տասն Լատին Ամերիկայի մէջ են: Ցուցակը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը գլխաւորէ Փարակուէյը, ուր բնակչութեան 87 առ հարիւրը իր փորձառութիւնը դրական գնահատած է:

Ոչ դրական զգացումով երկիրներու ցուցակին վրայ է նաեւ Ազրպէյճանը` 55 առ հարիւրով: Նոյն ցուցակին վրայ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը` դարձեալ 55 առ հարիւրով:

Վրաստանն ու Հայաստանը ունին 56 առ հարիւրով դրական փորձառութիւն ապրած բնակչութիւն, եւ ցուցակի վերջաւորութենէն յաջորդաբար 14-րդ եւ 15-րդ դիրքի վրայ են:

Share this Article
CATEGORIES