Քիւրտ Երեսփոխանը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայկական Ժառանգութիւնը Պահպանելու «Պատմական Կոթողները Թող Պատմութիւն Չդառնան» Կ՛ըսէ Ուչեր

Վարագայ վանքը
«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Վանէն ընտրուած քիւրտ երեսփոխան Էօզալ Ուչեր Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան երկու հարցում ներկայացուցած է` Վանի պատմական ժառանգութիւնը զբօսաշրջային նպատակներով օգտագործելու համար:
Այանիսի բերդի եւ պատմական եկեղեցիներու մասին նախարար Էօմեր Չելիքին տեղեկութիւններ տուած Ուչեր փափաքած է տեղեկանալ աշխատանքներու ընթացքին մասին:
Ան յիշեցուցած է, որ Վանայ լիճի յարակից բարձունքներուն վրայ գտնուող Այանիսի բերդի տարածքին մէջ իրականացուող հնագիտական պեղումները 25 տարի առաջ տեղի ունեցած են, իսկ ամրոցը կը նկատուի Ուրարտուի թագաւորութեան կառոյցներէն մէկը:
Ուչերի միւս առաջարկը աւերակի վերածուած հայկական եկեղեցիները եղած են: Ան յատկապէս մատնանշած է այն, որ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին բախտի քմահաճոյքին յանձնուած է:
«Վանի կեդրոնէն տասը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Վերին Պաքրաչլը գիւղին մէջ` Վարագայ լերան փէշերուն ժամանակի ամէնէն հարուստ վանքերէն մէկը կը գտնուի` Վարագայ վանքը, որ եօթը առանձին եկեղեցիներէ բաղկացած է: Այդ կառոյցները տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին կառուցուած են եւ կցուած վանական համալիրին», յիշեցուցած է երեսփոխանը:
Ամէն տարի տասնեակ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն այդտեղ: Տարիներ շարունակ անխնամ մնացած համալիրը թռչուններու համար բոյն դարձած է, իսկ ներսը` ցեխով լեցուած:
2011-ի երկրաշարժին պատճառով մասնակիօրէն փլուզուած եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները չեն սկսած:
Երեսփոխանը պատմական մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է վանքին մասին, եւ հարցուցած նախարարին, թէ արդեօք ի՞նչ պատճառաբանութեամբ վանքի վերակառուցման աշխատանքները տակաւին չեն սկսած:

