Կանխուեցաւ Ազրպէյճանական Կողմի Հերթական Ներթափանցման Փորձը

Սենոր Հասրաթեան
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` այս տարուան ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ հայկական սահմանին վրայ 6 ներթափանցման փորձեր կատարուած են:
Վերջին փորձը 21 մայիսի գիշերն էր: Լեռնային Ղարաբաղի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժինի պետ Սենոր Հասրաթեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ հայկական կողմը ճիշդ ժամանակին յաջողած է կանխել հակառակորդի յառաջխաղացումը, եւ պատճառելով նշանակալի կորուստներ, զայն ետ շպրտած է: Ատոր իբրեւ արդիւնք ազրպէյճանական կողմէն երեք զինուորներ վիրաւորուած են:
«Հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած», ըսաւ Հասրաթեան: «Պարզապէս ազրպէյճանական կողմը անընդհատ կ՛ուզէ շփման գիծը լարուած պահել` միջազգային հանրութեան անընդհատ յիշեցնելով, որ ղարաբաղեան տագնապը տակաւին կը գտնուի անաւարտ փուլի մէջ, եւ անընդհատ կը փորձէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելով Արցախի բանակը ներկայացնել իբրեւ նախայարձակ»:
Ան նշեց, որ ներթափանցումի փորձէն մէկ օր առաջ նոյն ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտի հակառակորդին կողմէ արձակազէնի արձակուած գնդակէն զոհուած է 20-ամեայ Արթուր Օհանջանեան: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ինչպէս կը փոխանցեն տեղական լրատուամիջոցները, հերքած է իր առնչութիւնը շփման գիծին վրայ հայ զինուորի մահուան հետ:
Մինչ հայկական կողմը կը պնդէ, թէ ազրպէյճանական կողմը ներթափանցումի փորձի ձեռնարկած է, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն տարածած է` պնդելով, որ 22 մայիսին հայկական կողմէն ներթափանցման յարձակում տեղի ունեցած է Ֆիզուլիի դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն պատճառով ազրպէյճանցի երեք զինուորներ վիրաւորուած են: Հայկական կողմը, սակայն, կը հերքէ այս մեղադրանքը:

