Ազգային Ժողովը Ընդունեց Կառավարութեան Ծրագիրը. Ոչ Իշխանական Քառեակը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

2205AJԵրէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան ծրագիրը: Անիկա ընդունուեցաւ 70 թեր, 1 դէմ, եւ 2 ձեռնպահ ձայներով: Հանրապետականները ծափողջոյններով ընդունեցին քուէարկութեան արդիւնքները:

Նախքան քուէարկութիւնը` ելոյթ ունեցաւ Հրանդ Բագրատեան` ըսելով, որ ինք եւ Ալեքսանտր Արզումանեան ձեռնպահ պիտի քուէարկեն: Իսկ Օրինաց երկիր կուսակցութեան պատգամաւոր Կարէն Բոթոյեան ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ ինք կը հրաժարի Օրինաց երկիր կուսակցութեան խմբակցութենէն եւ թեր պիտի քուէարկէ կառավարութեան ծրագիրին:

Միւս կողմէ, խորհրդարանական քառեակը` ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը, չմասնակցեցան կառավարութեան ծրագիրի քուէարկութեան:

2205Armen-RustamianԱյդ մասին լրագրողներուն յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան նշեց, որ երէկ առաւօտեան քառեակը նիստ գումարած է եւ այսպիսի որոշում տուած է:

«Քառեակէն ոչ ոք քուէարկութեան պիտի մասնակցի` ցոյց տալով  այս ծրագիրին նկատմամբ մեր դժգոհութիւնը եւ մերժումը», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ հարցին վերաբերեալ Օրինաց երկիր կուսակցութեան հետ քննարկում չէ կատարուած:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ պիտի չմասնակցէին քուէարկութեան, ապա ինչո՞ւ ՀՅԴ-ն առաջարկներ ներկայացուց կառավարութեան, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց հետեւեալը. «Ատիկա ին՞չ կապ ունի: Մեր մերժումը աւելի հիմնաւորուած է: Առաջարկներ ներկայացուցած ենք եւ միշտ պատրաստ ենք, եթէ որեւէ մէկը մեր առաջարկները ընդունի: Բոլորն ալ կը հասկնան, որ եթէ անոնք ընդունուին, էական բան կը փոխուի, անոր համար չեն ընդունած»:

Քառեակը կողմնորոշուած է նոյն տրամաբանութեամբ, որ գոյութիւն ունէր` ոչ միայն կառավարութեան կազմը պէտք է փոխուի, այլ նաեւ քաղաքականութիւնը: «Փոփոխութիւնները, որոնք կրնային երաշխաւորուիլ այն ուղղութեամբ, որ մենք կը տեսնէինք, չկան», շեշտեց Ռուստամեան:

Մինասեան. «Կառավարութեան Ծրագիրին Մէջ
Կան Հանրութեան Կողմէ Մերժուած Դրոյթներ»

արծվիկ1-300x217Երբ Ազգային Ժողովի  նիստի ընթացքին կը քննարկուէր կառավարութեան ծրագիրը, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան առանձնացուց ծրագիրին վերաբերեալ խնդիրները եւ մտահոգութիւնները:

Ան նշեց, որ այդ մտահոգութիւնները կը բխին այն իրողութենէն, որ երկրին մէջ կուտակուած են թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն շուտափոյթ ու համակարգուած լուծումներ` հիմնուած քանի մը սկզբունքներու վրայ:

Պատգամաւորը, իբրեւ սկզբունք, առանձնացուց ներքին համախմբուածութեան հարցը, առանց որուն որեւէ երկիր չէ յաջողած դուրս գալ ծանր վիճակէն:

Երկրորդ սկզբունքը հանդուրժողականութիւնն է, իրար լսելը, ընկալելը եւ անոր հիման վրայ ծրագիրներ իրականացնելը, ինչպէս նաեւ այդ փուլին մէջ անհրաժեշտ ներգրաւուածութիւնը, որ կը վերաբերի թէ՛ հանրութեան եւ թէ՛ այն ուժերուն, որոնք կը ձեւաւորեն հանրութեան քաղաքական կամքը: «Կառավարութեան ծրագիրին մէջ պէտք է ընդգրկուէին քաղաքական ընդդիմութեան դերակատարութեան վերաբերեալ կառավարութեան տեսակէտը, մօտեցումը եւ յստակ ծրագրային առաջարկները: Կ՛ուզէինք ծրագիրին մէջ տեսնել կառավարութեան վճռականութիւնը ընդդիմութեան մասին օրէնքի ընդունման եւ գործադրման մասով, կ՛ուզէինք տեսնել, որ կառավարութիւնը եւ իշխանութիւնը պատրաստ են իշխանութեան գործողութիւններուն նկատմամբ վերահսկումը վերապահել նաեւ ընդդիմութեան, որովհետեւ, առանց այսպիսի միացեալ աշխատանքի եւ փոխադարձ զսպումներու, կարելի չէ ապահովել ներքին համախմբուածութիւնը եւ առջեւ երթալ, հակառակը` կ՛ամրապնդուի փոխադարձ անհանդուրժողականութիւնը եւ մէկզմէկու ծրագիրներ չընդունիլը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Ան նշեց, որ ծրագիրին մէջ ցաւալիօրէն չկան հակափտածութիւն գործակալութեան ստեղծման, ընդդիմութեան դերակատարութեան ընդլայնման վերաբերեալ դրոյթներ:

Ըստ պատգամաւորին, հանրութիւնը կը դժգոհի, որովհետեւ օտարուած է որոշումներու կայացումէն, եւ պատահական չէ, որ կուտակային օրէնքի, արագաչափերու, կարմիր գիծերու, փոխադրամիջոցներու սղութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ քաղաքացիները յարձակողական մօտեցում կը ցուցաբերեն, որովհետեւ անոնք ներգրաւուած չեն որոշումներու կայացման մէջ: «Մենք կ՛ակնկալէինք, որ կառավարութիւնը առաջարկէ յստակ քայլեր, որ նշուած խնդիրներու մասով կասեցումներ տեղի ունենան, չի կրնար փոխադրամիջոցներու գինը բարձրանալ, եթէ երկրին մէջ չէ ձեւաւորուած միասնական փոխադրամիջոցներու համակարգ մնայուն դիտարկում իրականացնող», յայտնեց պատգամաւորը:

Ան նշեց, որ կառավարութեան ծրագիրին մէջ չկայ նաեւ աշխատատեղերու ստեղծման ուղղութեամբ ճամբու քարտէս, որուն մասին առաջարկ ներկայացուցած էր Դաշնակցութիւնը` չհամաձայնելով հնչած այն տեսակէտին հետ, թէ կառավարութիւնը պատասխանատու չէ աշխատատեղերու ստեղծման համար: Պատգամաւորը հարցուց, թէ այդ պարագային ո՞վ  պատասխանատու է աշխատատեղերու ստեղծման համար, եթէ ոչ` կառավարութիւնը: «Պետութիւնը, կառավարութիւնը պէտք է ապահովեն քաղաքացիի արժանապատիւ աշխատատեղ ստեղծելու համար անհրաժեշտ միջավայրը, անոր ստեղծման գործիքներն ալ առաջարկած ենք: Ծրագիրին մէջ կան լոկ ցանկութիւններ, բայց անոնց հետ միասին կան դրոյթներ, որոնք արդէն մերժուած են հանրութեան կողմէ, ատիկա պարտադիր կուտակային համակարգն է», ըսաւ դաշնակցական պատգամաւորը` աւելցնելով, որ կուտակայինի մասին պիտի կրկնէ այնքան ժամանակ, քանի տակաւին հանրութեան պահանջը լիարժէքօրէն չէ գոհացուած, եւ պիտի պայքարին մինչեւ վերջ, որովհետեւ ատիկա հակասահմանադրական է եւ հակաիրաւական:

 

 

Share this Article
CATEGORIES